Վրիպակային Յուշ

Պ. Ս.

Միսաք Մեծարենցի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեան «Բագին»-ի խմբագրութեան յանձնեց շարք մը բանաստեղծութիւններ, որոնք լոյս տեսան եղերաբախտ բանաստեղծին նուիրուած համարին մէջ:

«Բագին»-ի խմբագրութիւնը սովորութիւն ըրած էր հրատարակութեան պատրաստած գրութեան վերջին փորձը ցոյց տալ հեղինակներուն, եթէ անշուշտ հասանելի էին անոնք:

Բնական է, նոյնը տեղի ունեցաւ Մեծարենցին նուիրուած Ալիքեանի բանաստեղծութիւններու շարքին առիթով եւ Ալիքեան մանրակրկիտ քննութեան ենթարկելէ ետք իրեն յանձնուած փորձերը, վերադարձուց զանոնք, մաքուր սրբագրութեան համար ձեռագիր արձանագրելով իր երախտագիտութիւնը:

Ի փառս քեզ ըմպեցի ես իմ գինին
Եւ հծծելով մի հայրէն,
Գիւղակիդ սուրբ սովորութեամբ
Քոնը քո տեղը վաթեցի,
Մեծարե՛նց:

Ա. ԱԼԻՔԵԱՆ

Երախտապարտ եմ մաքուր սրբագրութեան համար:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Միսաք Մեծարենցին նուիրուած «Բագին»-ը լոյս տեսաւ այս պայմաններուն մէջ եւ ցրւումէն երկու-երեք օր ետք, երեկոյ մը, «Բագին»-ի մասնակի ժամանակով քարտուղարուհին, Ծովիկ Մխճեան, որ միաժամանակ «Համազգային»-ի Հայագիտական Բարձրագոյն հիմնարկի գրականութեան ճիւղին ուսանող էր, պատմեց, որ դասախօսը, Աբրահամ Ալիքեան, դասարանէն ներս խուժած է ու բորբոքելով խօսք բացած այն մասին, որ «Բագին» իր գոյութեան 35 տարիներուն ընթացքին այնքան վրիպակ թոյլ չէ տուած իր էջերուն, որքան թոյլ տուած է մեծարենցեան իր բանաստեղծութիւններուն մէջ:

Ի հարկէ, անակնկալը տակնուվրայ ըրաւ մեզ եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու Ծովիկին ու Թամար Սնապեանին հետ գիշերով գացին Շաղզոյեան շէնքի «Բագին»-ի խմբագրատունը, ուր պահ կը դրուէին վերջին փորձերը:

Բաղդատեցինք մաքուր սրբագրութեան համար Ալիքեանի երախտագիտութեան արժանացած փորձերը տպագիրներուն հետ ու տեսանք, որ Ալիքեան իրաւունք ունէր գայթակղելու: Համակարգիչին վրայ աշխատող պաշտօնեան վերջին փորձին տեղ, թիւրիմացաբար նախավերջին փորձը յանձնած էր տպագրութեան, պատճառ դառնալով նախ բանաստեղծին եւ ապա մեր ընդվզումներուն:

Փորձութեան պատճառը բացատրեցինք Աբրահամ Ալիքեանին, բայց անկարելի եղաւ համոզել զինք խմբագրութեան հետ կապ չունեցող այդ արկածին, ինք կը շարունակէր մնալ այն կասկածին վրայ, որ խմբագրութիւնս դիտումնաւոր կերպով թոյլ տուած է խնդրոյ առարկայ վրէպները:

Խմբագիր մը կրնայ մերժել գրութիւն մը, բայց իրեն յանձնուած թերթին մէջ թշնամաբար վրէպներ թոյլ տալու արարքը ինչպէս տրամաբանական գտաւ Ալիքեան, չկրցանք տեղադրել մեր տրամաբանութեան մէջ:

Աբրահամ Ալիքեանի հետ մեր բարեկամութիւնը սկսած էր Մոսկուայէն Պէյրութ ձգուած կամուրջին վրայէն ու վերոյիշեալ արկածէն ետք մենք շարունակեցինք մեր կապերը իրեն հետ, բայց ինք երբեք չհաշտուեցաւ «Բագին»-ի հետ…

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )