Արտաւազդ Արք. Թրթռեան (1930-2013)
Աւազանի անունով Աբրահամ, ծնած է 20 սեպտեմբեր 1930-ին Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Քեսապ հայաւանին մէջ: Իր նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանին մէջ: Աշակերտութեան առաջին իսկ տարիներէն, գրաւած է ուսուցիչներուն ուշադրութիւնը` իբրեւ ուշիմ, ջանասէր եւ ուսումնատենչ աշակերտ: Նախակրթարանը աւարտելէն ետք անցած է միջնակարգ եւ մէկ տարի հետեւած է եօթներորդ կարգի դասընթացքներուն: Քեսապի օրուան քահանան` Տ. Մովսէս Շիրիքեան, զինք 1945-ին ղրկած է Անթիլիասի դպրեվանք:
Աւարտելով դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժինը, 1949-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ, ձեռամբ` Դերենիկ եպս. Փոլատեանի: Սարկաւագ եղած տարիներուն, ստանձնած է գրատան տեսուչի պաշտօնը եւ իբրեւ ուսուցիչ ծառայած է կաթողիկոսութեան շրջափակին մէջ գործող Մեսրոպեան վարժարանին մէջ:
Աւարտելով դպրեվանքի ուսումնական շրջանը, 28 սեպտեմբեր 1952-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, ձեռամբ` Դերենիկ եպս. Փոլատեանի, վերակոչուելով Արտաւազդ աբեղայ: Այստեղ նշենք նաեւ, որ լուսահոգի սրբազան հայրն ու երջանկայիշատակ Գարեգին կաթողիկոս Սարգիսեան դպրեվանքի տարիներէն դասընկերներ եղած են ու սարկաւագութենէն մինչեւ արքութեան աստիճանները միաժամանակ ստացած են:
Աբեղայ ձեռնադրուելէ ետք, շարունակած է իր ստանձնած պաշտօնները, եւ միաժամանակ սկսած է դպրեվանքին մէջ դասաւանդել: Ստանձնած է զանազան պաշտօններ` մատակարարութիւն, կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթի խմբագրութիւն, դիւանապետութիւն, մատենադարանապետութիւն, տպարանի տեսչութիւն: Երկու շրջան եղած է դպրեվանքի տեսուչ` 1957-1959 եւ 1970-1977:
1959-ին, Զարեհ Ա. կաթողիկոս ուզած է զինք ղրկել Նոր Ջուղա` իբրեւ առաջնորդ եւ առաջարկած է, որ ստանձնէ շրջանին համար քահանաներ պատրաստելու պատասխանատու պաշտօնը: Սակայն «ուսուցանելէ առաջ կ՛ուզեմ ուսանիլ, տալէ առաջ կ՛ուզեմ առնել…» ըսելով` փափաքած է իր ուսման տենչը յագեցնել: Այսպիսով, 1959 դեկտեմբերին աստուածաբանական ուսման հետեւելու համար մեկնած է Ֆրանսա, ուր մնացած է մինչեւ 1962: Այս շրջանին, ուսումնառութեան կողքին նաեւ ծառայած է տեղւոյն հայ գաղութին:
1963-ին վերադարձած է մայրավանք եւ ստանձնած է զանազան պաշտօններ: 16 յունիս 1963-ին ստանձնած է Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան: Նոյն տարին, իբրեւ ներկայացուցիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` ներկայ գտնուած է Վատիկանի Բ. ժողովին:
1964 յունուարին եպիսկոպոսական օծում ստացած է: Նոյն տարին` 26 փետրուարին հարաւային Ֆրանսայի առաջնորդ ընտրուած եւ մեկնած է Ֆրանսա, ուր վեց տարի վարած է հարաւային Ֆրանսայի առաջնորդութիւնը:
1970-ին Խորէն Ա. կաթողիկոսի խնդրանքով վերադարձած է մայրավանք եւ ստանձնած է դպրեվանքի տեսչութիւնը (1970-1977): Այդ տարիներուն ընթացքին, պարբերաբար նաեւ վարած է «Հասկ» պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը:
1971-ին մեկնած է Եթովպիա` միջեկեղեցական առաքելութեամբ, Եթովպիոյ ուղղափառ քոյր եկեղեցւոյ վերանկախացման առիթով: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչի հանգամանքով, արարողութեան ընթացքին, Եթովպիոյ պատրիարքին գաւազանը տուած ժամանակ սրբազանը ըսած է. «Տամ քեզ գա-ւազան հովուութեան ժողովրդեան քում…»:
26 ապրիլ 1973-ին արժանացած է արքութեան տիտղոսին:
1974-ին, Խորէն Ա. վեհափառի անհանգստութեան պատճառով նշանակուած է կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ, պաշտօն մը, որ վարած է մինչեւ իր վախճանումը, 18 յուլիս 2013-ի առաւօտուն: Միաժամանակ, իբրեւ ուսուցիչ` մինչեւ 2009-2010 կրթական տարեշրջանի աւարտը իր մասնակցութիւնը բերած է դպրեվանքի մէջ նորահաս սերունդներ դաստիարակելու նուիրական աշխատանքին:
Վերջին աւելի քան երկու տարիներուն ընթացքին, անհանգստութեան դէմ պայքարելէ ետք, լուսահոգի սրբազանը իր աչքերը յաւիտենապէս փակեց հինգշաբթի, 18 յուլիս 2013-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքին մէջ:
Լուսահոգի Արտաւազդ սրբազանը հայ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գանձանակին մէջ արժանաւորագոյն ձեւով ձգեց իր լուման: Իր ծառայութեան առաջին վայրկեանէն մինչեւ վերջին շունչը եղաւ ու մնաց հաւատարիմ, անձնուիրեալ, անշահախնդիր եւ անձնուրաց զինուորը հայ եկեղեցւոյ: Իր պարզ ու քաղցր ներկայութեամբ` շահեցաւ բոլորին սէրն ու յարգանքը: Եղաւ ուսուցիչ, տեսուչ, հոգեւոր հովիւ, առաջնորդ, կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ, սակայն միշտ ու միշտ մնաց Արտաւազդ սրբազանը` իր պարզութեամբ ու խոնարհութեամբ:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
Asdvaz Hokin Lousavore…….