Եգիպտոսի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Էրտողանի Հետ Կապ Հաստատելու Փորձը. Անգարա Գրաւուած Զէնքերուն Մասին Եգիպտոսէն Տեղեկութիւն Կը Պահանջէ
Անգարա յայտնեց, որ եգիպտական իշխանութիւններէն Թուրքիայէն ուղարկուած բեռնարկղէ մը գրաւուած զէնքերուն մասին տեղեկութիւն պահանջեց: Եգիպտական պատկերասփիւռի կայան մը չորեքշաբթի օր հաղորդած էր, որ եգիպտական մաքսատնային իշխանութիւնները Թուրքիայէն եկած բեռնարկղի մը մէջ բազմաթիւ զէնքեր գրաւած են:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ «Անգարա Եգիպտոսի եղբայրական պետութեան մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատումով հետաքրքրուած է»` «բուռն կերպով» դատապարտելով «ամէն ձեւի բռնարարքները»:
Նախարարութիւնը նշեց, որ բռնարարքներու դիմելը, անկախ դրդապատճառներէն, բացարձակապէս անընդունելի է` յոյս յայտնելով, որ կարելի եղածին չափ մօտ ժամանակին բոլոր քաղաքական ուժերուն համապարփակ մասնակցութեան առիթ ընծայելով Եգիպտոսի մէջ ազգային հաշտութիւն գոյանայ:
Թուրքիա Եգիպտոսէն պահանջեց բացայայտել Թուրքիայէն եկած բեռնարկղերուն մէջ զէնքերու գրաւման լուրին մանրամասնութիւնները եւ այդ հարցին շուրջ հետաքննութիւն կատարելով զեկուցել Գահիրէի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան:
Մինչ այդ, Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահի խորհրդականներէն մէկը, մեկնաբանելով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, թէ ինք Եգիպտոսի փոխնախագահ Մոհամետ Պարատէյիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունենալ մերժած է, ըսաւ, որ Եգիպտոսի նախագահութիւնը որեւէ թուրք պաշտօնատարի հետ կապ հաստատելու փորձ չէ կատարած, եւ թէ այդ առնչութեամբ բոլոր տարաձայնութիւնները սուտ են:
Եգիպտական բանակը երէկ Գահիրէի մուտքերուն վրայ իր ներկայութիւնը ամրապնդեց` կանխարգիլելու համար զէնքերու քաղաք մաքսանենգումն ու երէկ տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին անոնց օգտագործումը: Բանակն ու ոստիկանութիւնը նաեւ իրենց ներկայութիւնը ամրապնդեցին վարչապետարանին, խորհրդարանին, նախագահական պահակագունդի զօրանոցին, շարք մը նախարարութիւններու, պատկերասփիւռի ու ձայնասփիւռի շէնքին, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան շուրջ:
Պաշտօնազրկուած նախագահ Մոհամետ Մուրսիի տասնեակ հազարաւոր համակիրներ Գահիրէի շարք մը հրապարակներուն վրայ ցոյց մը կատարեցին` պահանջելով անոր իշխանութեան վերականգնումը:
Նշենք, որ Իսլամ եղբայրներու ղեկավարներէն Իսամ Օրիան երէկ Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած էր. «Այսօր յեղաշրջումը «կը կոտրենք» եւ անոր կողմնակիցներուն իրենց կեցուածքները փոխել կը ստիպենք»:

