Քիւրտերը Ռասուլ Այնի Մէջ Գերեվարած Են 13 Իսլամական Զինեալներ, Ներառեալ` 6 Թուրքեր Եւ Չեչեն Մը
Քրտական ժողովրդային կոմիտէի բանբեր Ալի Պաշշար Օմարի յայտարարեց, որ քիւրտ զինեալները Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ գտնուող Ռասուլ Այն քաղաքին մէջ Իրաքի եւ Շամի մէջ իսլամական պետութիւն, Ժապհաթ Նուսրա եւ այլ իսլամական խմբաւորումներու դէմ բուռն բախումներուն ընթացքին գերեվարած են 13 զինեալներ:
Օմարի յայտնեց, որ գերեվարուած զինեալներու շարքին են 6 թուրք խորհրդականներ եւ չեչեն զինեալ մը, որոնց ինքնութիւնը կարելի եղած է պարզել անոնց մօտ գտնուած անձագիրներուն ճամբով:
Ան ըսաւ, որ «քիւրտ ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը թուրքերէն գրաւեցին դեղեր, ինչպէս նաեւ անձնական զէնքեր»` նշելով, որ թուրքերուն պարտականութիւնը Ռասուլ Այն շրջանին մէջ յարձակում գործած զինեալ խմբաւորումներուն գումակային եւ զինուորական գործողութիւններու օժանդակութիւն տրամադրելն էր:
Օմարի յայտնեց, որ Ռասուլ Այն այժմ երկուքի բաժնուած է, առաջին բաժինը, որ Թուրքիոյ սահմանին երկայնքին է, կը գտնուի Ժապհաթ Նուսրայի եւ Սուրիական ազատ բանակի ձեռքը, իսկ երկրորդը` քիւրտերուն: Մարդկային իրաւանց հսկողութեան սուրիական կեդրոնը կը յայտնէ, որ երկու կողմերուն միջեւ բախումները ընդլայնուած են եւ հասած Ռասուլ Այնէն 200 քիլոմեթր արեւելք գտնուող Ռումելիան քարիւղի դաշտը:
Մինչ այդ, թրքական բանակի սպայակոյտը հաստատեց, որ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը, որ Սուրիոյ մէջ ՔԱԿ-ի թեւն է, գրաւած է Թուրքիոյ սահմանակից Ռասուլ Այն քաղաքը, իսկ Թուրքիոյ կառավարութիւնը վստահեցուց, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական իշխանութիւն մը երբեք պիտի չթոյլատրէ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ յայտնեց, որ Թուրքիա սուրիական կողմէն վտանգներուն «ամէնէն ազդու ձեւով պիտի հակադարձէ»: Թրքական օդուժին պատկանող օդանաւեր երէկ Տիգրանակերտէն թռիչք առնելով Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վերեւ թռիչքներ կատարեցին: Տաւութօղլու նախապէս յայտնած էր, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ իր սահմաններուն մօտ ահաբեկչական կազմակերպութեանց գերակայութիւնը մերժող իր հաստատ կեցուածքը:

