ՔԱԿ «Վերջին Անգամ Ըլլալով» Կը Զգուշացնէ Թուրքիոյ Կառավարութիւնը
Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ Թուրքիոյ կառավարութեան «վերջին զգուշացում» մը կը փոխանցէր` որդեգրելու քրտական հարցի լուծման հոլովոյթը յառաջ մղելու շօշափելի քայլեր` այլապէս հոլովոյթի կասեցման պատասխանատու պիտի նկատուի:
«Մենք` իբրեւ շարժում, վերջին անգամ ըլլալով կը զգուշացնենք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կառավարութիւնը… եթէ մեր ժողովուրդին ու հասարակութեան կողմէ ճշդուած նիւթերուն վերաբերեալ ամէնէն մօտ ժամանակին շօշափելի քայլեր չառնուին, հոլովոյթը յառաջ պիտի չընթանայ եւ պատասխանատուն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կառավարութիւնը պիտի ըլլայ», նշուած է ՔԱԿ-ի հաղորդագրութեան մէջ:
CATEGORIES Միջազգային