Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլը գործուղեց վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտ, որպէսզի զայն տեղեակ պահէ, թէ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը մէկ պլոք չեն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ոչինչ գիտէ Լիբանանի կարգ մը շրջաններուն մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն մասին:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու երեսփոխան Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ պետական անձնաւորութիւններու ապահովութեան հսկող կարգ մը զինուորներու պարագային աշխատանքի դադրեցումը կրնայ այդ անձնաւորութիւնները վտանգի ենթարկել, եւ այդ պարագային յստակ պիտի ըլլան այդ փորձանքներուն պատասխանատուները:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ուժերու ռմբակոծումին պատճառով հիւսիսային Լիբանանի Քուեշրա թրքաբնակ գիւղին մէջ ինկած են ռումբեր, որոնց պատճառով վիրաւորուած է Տալիա Ասի անունով լիբանանցի կին մը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հակառակ Իսրայէլի բանեցուցած ճնշումներուն, Եւրոպական խորհուրդը ձախողած է Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն դասել:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ կարգ մը քաղաքական ուժերու կողմէ զետեղուած նախապայմանները կ՛արգելակեն կառավարութեան կազմութիւնը եւ երկրին մէջ կը տարածեն ապահովական ապակայունութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընի բացակայութիւնը` պաշտպանութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նիստէն, Հըզպալլայի ճնշումով կատարուած է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ իրենք մուտք գործած են բոլոր պետական հաստատութիւններու վարչութիւններուն աշխատանքները խանգարելու հանգրուան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ վարչապետ Թամմամ Սալամէն պահանջեց կազմել կառավարութիւն մը, որ ո՛չ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն է եւ ո՛չ ալ Մարտ 8-ի:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ բանակը լիբանանեան ազգային միասնականութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պաշտպանութեան հիմնական ենթահողն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ միագոյն կառավարութեան մը նկատմամբ կարելի չէ վստահութիւն գոյացնել: Ան շեշտեց, որ պէտք է կազմել կառավարութիւն մը, որ կրնայ պատասխանատուութիւններ ստանձնել եւ որոշումներ տալ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ ինք դարձեալ պիտի կապուի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընի հետ` անոր հարցնելու համար պաշտպանութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նիստէն իր բացակայութեան պատճառը:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ Լիբանանի փրկութիւնը կարելի է ապահովել միայն քաղաքական ընդարձակ կառավարութեամբ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի չըլլայ կառավարութիւն մը կազմել` աւելցնելով, որ Հըզպալլա չի կրնար կառավարութեան մաս կազմել` նկատի ունենալով, որ ան մեղսակից է Սուրիոյ տագնապին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ ընդգծեց, որ ըստ օրէնքի, երեսփոխան մը իրաւունք ունի չորս զինուոր ունենալու` իր անձնական ապահովութեան համար:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ճնշում բանեցուցած է եւ պարտադրած, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի ներկայ չգտնուի Մաքասետ բարեսիրական միութեան սարքած իֆթարին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ երեսփոխաններուն եւ պետական անձնաւորութիւններուն պաշտպանութեան համար տրամադրուած զինուորները տուն կանչելը` այլ աշխատանքի նպատակով, այս հանգրուանին մերժելի է եւ անյարմար:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա որոշած է սուրիացի գաղթականները հարաւային Լիբանանէն բռնի կերպով տեղափոխել:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն յայտնեց, որ ինք պաշտպանութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նիստին չէ մասնակցած, որովհետեւ կը մերժէ բանակին հարցաքննութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ամերիկեան աղբիւրներէ, կը յայտնէ, որ Լիբանանի մէջ յաջորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ ապահովական ապակայունութեան եւ քաոսի հանգրուան մը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ կը փափաքի կազմել կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը, մինչդեռ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման վարչապետին կը յանձնարարէ համբերատար ըլլալ:

 

Share this Article
CATEGORIES