Ասիրի Հետեւորդները Քայլարշաւ Մը Կատարեցին
Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթին մէջ երէկ մատուցուած ուրբաթ օրուան աղօթքէն ետք Ահմետ Ասիրի հետեւորդները մզկիթին շրջափակէն սկսեալ կատարեցին քայլարշաւ մը, հակառակ Ապահովական կեդրոնական խորհուրդի այն որոշումին, թէ Ապրայի մէջ նման քայլարշաւներ արգիլուած է կատարել:
Լիբանանեան բանակը ապահովական խիստ միջոցառումներու դիմեց` պահպանելու համար Ապրայի ապահովական կայունութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան


