Միքաթի. «Անհրաժեշտ Է Կարգ Մը Անձնաւորութիւններուն Ապահովական Կարիքներուն Համաձայն Պաշտպանութիւն Ապահովել»

Փլամպլի եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փլամպլի հանդիպումը դրական գնահատեց:

Միքաթիի այցելեց նաեւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել. քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Ապահովական կեդրոնական խորհուրդին կողմէ տրուած պետական անձնաւորութիւններուն ընկերակցող ներքին ապահովութեան ուժերուն թիւը նուազեցնելու որոշումին վերաբերող հարցեր:

Միքաթի ընդգծեց, որ պէտք է կարգ մը անձնաւորութիւններուն ապահովական կարիքներուն համաձայն պաշտպանութիւն ապահովել:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )