Զինուորական Ատեանը Ժապհաթ Նուսրայի 6 Անդամներ Ամբաստանեց
Զինուորական ատեանը երէկ Ժապհաթ Նուսրայի 6 անդամներ ամբաստանեց զինեալ խմբաւորում մը կազմելու յանցանքով:
Նշենք, որ արգելափակեալ յանցագործներուն մօտ գտնուած են զէնք, զինամթերք, պայթուցիչներ եւ պայթուցիկ նիւթեր, որոնք կ՛օգտագործուէին ահաբեկչական արարքներ կատարելու նպատակով:
Զինուորական ատեանը, առաջարկելէ ետք զանոնք մահապատիժի ենթարկելու վճիռը, ամբաստանեալները փոխանցեց Զինուորական ատեանի քննիչ դատախազին:
CATEGORIES Լիբանանեան

