Մաթար Եպիսկոպոսը Ընդունեց Խազենը
Մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Մարոնի համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ընդգծելով նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած իֆթարին ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կեցուածքներուն կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ խորհրդարանի լիագումար նիստին մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Խազեն յայտնեց, որ պէտք է դիւրացնել վարչապետ Թամմամ Սալամի առաքելութիւնը` ազգային շահերու կառավարութիւն մը կազմելու նպատակով:
CATEGORIES Լիբանանեան