Զօր. Սերրա Այցելեց Բանակի Հրամանատարին Եւ Ապպաս Իպրահիմի
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւնը եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:
Զօր. Սերրա այցելեց նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:
Հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ զօր. Սերրայի շնորհակալութիւն յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ին տրամադրած գումակային օժանդակութեան համար:
CATEGORIES Լիբանանեան