Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարին Մէջ Նորութիւննե՞ր

Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին նպատակով ի գործ դրուող ջանքերուն շրջագիծին մէջ, հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ սուրիական իշխանութիւններուն հետ` սուրիական բանտերուն մէջ իգական սեռի պատկանող արգելափակեալները ազատ արձակելու եւ զանոնք ինը լիբանանցի առեւանգեալներուն հետ փոխանակելու նպատակով:

Ընդառաջելով Իպրահիմի խնդրանքին եւ լիբանանեան ապահովական կառոյցին հետ իբրեւ գործակցութիւն` սուրիական իշխանութիւնները ազատ արձակեցին 43 սուրիացի կիներ:

Հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ այս քայլին իբրեւ արդիւնք կը սպասէ թրքական իշխանութիւններուն գործակցութիւնը` լիբանանցի առեւանգուածները ազատ արձակելու եւ անոնց թղթածրարը փակելու առումով:

Այս շրջագիծին մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու հարազատներուն անունով Տանիել Շաայպ յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն մասին ցարդ նորութիւններ չեն արձանագրուած:

Շաայպ կոչ ուղղեց սպասելու հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի գրասենեակէն հրապարակուելիք տեղեկութիւններուն:

Շաայպ յայտնեց, որ իրենք կը սպասեն թրքական կողմին եւ առեւանգողներուն գործակցութեան` իրենց հարազատները ազատ արձակելու նպատակով:

Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին հետեւելու նպատակով շիիներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ նշանակուած շէյխ Ապպաս Զղէյպ շեշտեց, որ Թուրքիա իբրեւ բարի կամեցողութիւն նուազագոյնը ազատ պէտք է արձակէ առեւանգուած լիբանանցիներէն քանի մը հոգի:

 

Share this Article
CATEGORIES