«Պատրաստ Ենք Որեւէ Ձեւով Կամ Երկխօսութեամբ Քննարկելու Ազգային Պաշտպանութեան Ռազմավարութիւնը» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին ընթացքին

Դիմադրութեան զօրակցութեան խորհուրդին կազմակերպած իֆթարին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը պատրաստ է որեւէ ձեւով, ըլլայ ան Ազգային երկխօսութեան նիստին կամ այլ ձեւով, քննարկելու Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հըզպալլայի զէնքին մասին բանավէճերը ապարդիւն դուրս պիտի գան` աւելցնելով Հըզպալլայի պատրաստակամութիւնը այդ մասին երկխօսութիւն կատարելու: Ան նշեց, որ իրենք անկեղծ են Լիբանանի պաշտպանութեան եւ լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը երաշխաւորելու առումով:

«Նոյնիսկ եթէ կառավարութեան կազմութենէն առաջ երկխօսութիւն ուզէք կատարել, մենք պատրաստ ենք առանց նախապայմանի այդ երկխօսութեան մասնակցելու», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Լիբանանի Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը մշակելու լուրջ կարիք կայ` շեշտելով, որ բանակն է, որ պիտի պահպանէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ երաշխաւորէ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը: «Եթէ բանակ չըլլայ, ապա պետութիւն պիտի չըլլայ, երկիր պիտի չըլլայ: Հետեւաբար անհրաժեշտ է ամէն գնով պահպանել բանակը», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը ունի տեսլական մը եւ բանակին ու ապահովութեան ուժերուն կ՛օժանդակէ ի խնդիր Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն պաշտպանութեան:

Ան ըսաւ, որ Լիբանան տակաւին իրաւունք ունի ազատագրելու Մազարեհ Շեպաան, Քֆարշուպայի բարձունքները եւ Հիւսիսային Ղաժարը:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ ծառացող իսրայէլեան վտանգներուն եւ ախորժակներուն դիմադրելու պարտականութիւն ունի Լիբանանը:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Դիմադրութիւնը ժողովրդային կամք է` աւելցնելով, որ Իսրայէլի եւ անոր բարօրութեան համար Միացեալ Նահանգներ բոլոր արաբները եւ Արաբական լիկան կրնան վաճառել:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )