Աւստրալիացի Խորհրդարանականները Կոչ Կ՛ուղղեն Թուրքիոյ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանի պատուիրակութեան անդամ Մարի Ֆիքարա «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ արհեստագիտական եւ արագ հաղորդակցման արդի պայմաններուն մէջ պարզապէս անօգուտ է շարունակել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը: Ան աւելցուց, որ աւստրալիացի խորհրդարանականներու գործողութիւնները պիտակաւորելու փոխարէն, թրքական կառավարութիւնը աւելի լաւ է արժանապատուօրէն յաղթահարէ խնդիրը:
«Վերջին վեց ամսուան ընթացքին թրքական կողմի ճնշումները Աւստրալիոյ հայամէտ քաղաքական գործիչներուն նկատմամբ շատ աւելի բուռն դրսեւորում ստացան: Յատկապէս յարձակողական է վերաբերմունքը օտարազգի գործիչներուն նկատմամբ: Հակառակ ատոր` աւստրալիացի իմ գործընկերներս եւ յատկապէս Վերին պալատի անդամները, որ այսօր այստեղ են, աննկուն մնացին իրենց դիրքորոշումներուն մէջ եւ տեղի չտուին թրքական յարձակումին», ըսաւ աւստրալիահայ պատգամաւոր, Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի փոխադրամիջոցներու նախարար Քլավիս Պերեճիքեան:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ զգայացունց յայտարարութեան, որով կ՛արգիլուէր աւստրալիացի օրէնսդիրներու մասնակցութիւնը Կալիփոլիի մէջ տեղի ունեցող «Անզաք»-ի յիշատակի արարողութիւններուն` խորհրդարանական Տէյվիտ Քլարք մեկնաբանեց, որ «Անզաք» մեծ նշանակութիւն ունի աւստրալիացի ժողովուրդին համար: «Արգիլել Թուրքիա այցելել այն մարդոց, որոնք կը ցանկան, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, կը նշանակէ փորձել իշխել աշխարհին, որ արդէն կ՛անցնի սահմանագիծը», ընդգծեց Քլարք:
Իսկ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը վերահաստատող բանաձեւի հեղինակ Ֆրետերիք Նայլ յոյս յայտնեց, որ թուրք ակադեմական շրջանակներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փաստը պիտի օգնէ թրքական կառավարութեան ընդունիլ Օսմանեան կայսրութեան անցեալը եւ դէմ առ դէմ կանգնիլ ճշմարտութեան հետ:
Խորհրդարանականները համակարծիք էին, որ թրքական կառավարութիւնը պէտք է հետեւի ժամանակակից Գերմանիոյ եւ Աւստրալիոյ օրինակին եւ ներում հայցէ անցեալին կատարուած անարդարութիւններուն համար: Ինչպէս կը մեկնաբանեն օրէնսդիրները, իրենց նպատակը ոչ թէ ժամանակակից Թուրքիոյ վրայ յարձակիլը կամ մեղադրելն է, այլ` «Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է, որ պէտք է ճանչցուի»:
Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ` 12 յուլիսին Հայաստան ժամանած Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանական 7 հոգինոց պատուիրակութիւնը նախանցեալ օր ամփոփեց իր աշխատանքային այցելութիւնը Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ եւ երէկ Աւստրալիա վերադարձաւ:

