Նեկրետօ Միացաւ Մանչեսթըր Սիթիի
Երէկ, սպանացի միջազգային յառաջապահ Ալվարօ Նեկրետօ իր ակումբը` Սեւիլլան լքելով միացաւ Մանչեսթըր Սիթիի, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
27 տարեկան Նեկրետոյի ժամանումով, Խեսուս Նաւաս մեկնեցաւ հակառակ ուղղութեամբ:
Ըստ անգլիական մամուլին, անոր փոխանցումը` Մանչեսթըր Սիթիին, արժեց շուրջ 25 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Նեկրետօ, որ շուտով պիտի միանայ շրջապտոյտ կատարող իր խմբակիցներուն, «Փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեանութեան պիտի կրէ թիւ 9 շապիկը:
Նշենք, որ ան նախորդ տարեշրջանին «Լա լիկա»-ի մրցումներուն նշանակեց 25 կոլ:
CATEGORIES Մարզական