Իպրահիմովիչի Գործակալը Բանակցութիւններ Կը Կատարէ Ռէալ Մատրիտի Հետ
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչի գործակալը` Մինօ Ռայոլա, բանակցութիւններ կը կատարէ Ռէալ Մատրիտի ներկայացուցիչներուն հետ:
Նափոլիի նախկին յառաջապահ Էտիսոն Քաւանիի Փարիզ Սեն Ժերմեն տեղափոխութենէն ետք Իպրահիմովիչ ցանկութիւն յայտնած է հեռանալ մայրաքաղաքի կազմէն:
Սակայն, ըստ երեւոյթին, Ռէալ Մատրիտի մարզիչը` Քարլօ Անչելոթթի, այդքան ալ համամիտ չէ իր կազմին մէջ ունենալ Զլաթանը, կը յայտնէ «Մարքա» սպանական պարբերաթերթը:
Իպրահիմովիչ կ՛ուզէ ամէն գնով Ռէալ Մատրիտի միանալ, նոյնիսկ եթէ 14 միլիոն եւրոյի փոխարէն 12 միլիոն եւրօ աշխատավարձ գանձէ:
CATEGORIES Մարզական

