Աթլեթիզմ. Փիա Նաամէ Այս Անգամ 3000 Մեթր Վազքի Լիբանանեան Նոր Մրցանիշ Հաստատեց

Երկար վազքի մրցումներու լիբանանցի ախոյեան Փիա Նաամէ, որ նախորդ շաբաթ 1500 մեթր վազքի մրցումներուն լիբանանեան նոր մրցանիշ մը հաստատած էր Օթաուայի մէջ (Քանատա), իր նոր մրցանիշը հաստատեց դարձեալ Քանատայի մէջ, այս անգամ` 3000 մեթր վազքի մրցումներուն:

Միջազգային վազող Նաամէ,որ արձանագրեց 10′ 05″ 48 արդիւնք մը, 14″-ով բարելաւեց իր իսկ հաստատած նախկին մրցանիշը:

Նաամէ, որ ներկայիս բաւական ծանր փորձեր կը կատարէ, կը փորձէ եւ իր ամէն կարելին պիտի ընէ 3000 մեթր վազքի մրցումը ամբողջացնելու առաւելագոյնը 10 վայրկեանէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )