Խալիլ, Ռըսթոմ Եւ Մուհիէտտին Այցելեցին Նախարար Քարամէի

Երէկ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ նախարարութեան իր կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Պէյրութի Մարաթոնի միութեան նախագահ Մէյ Խալիլ, որուն կ՛ընկերակցէին հանգստեան կոչուած զօր. Հասսան Ռըսթոմ եւ Հասսան Մուհիէտտին:

Խալիլ նախարար Քարամէն տեղեակ պահեց տարուող աշխատանքներուն մասին, ինչ կը վերաբերի 2013-ի Պէյրութի միջազգային Մարաթոնին, որ տեղի պիտի ունենայ 10 նոյեմբերին:

Ան աւելցուց ըսելով, որ այս գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցուին 29 օգոստոսին` յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:

Նախարար Քարամէ շնորհաւորելէ եւ յաջողութիւն մաղթելէ ետք Խալիլի ու անոր ղեկավարած միութեան անձնակազմին, ըսաւ, որ կատարուած աշխատանքը կը նկատուի գերգնահատելի` նկատի ունենալով, որ այս Մարաթոնին ընդմէջէն է, որ Լիբանանի անունը հանրածանօթ կը դառնայ աշխարհի տարածքին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )