Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւնը «Աշխարհին Խաղաղութիւն Է Պէտք» Թեմայով

Ս. Պ. 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը ներկայացուց իր կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը` վկայականներու բաշխումով:

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ Նորայր եպս. Աշըգեանի, քահանայ հայրերու, քոլեճին խնամակալութեան, Ազգային Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալներու եւ ծնողներու հոծ ներկայութեամբ, 16 յուլիս 2013-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցած այս հանդիսութեան քոլեճը ներկայացուց իր 46-րդ կրթական տարեշրջանի հունձքը, 31 շրջանաւարտներով:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Բեմը յարդարուած էր օրուան գեղարուեստական յայտագիրի թեման ներկայացնող «Աշխարհին խաղաղութիւն է պէտք» նշանախօսքով:

Այս թեմային հիմամբ քոլեճին շրջանաւարտները ներկայացուցին բեմական պատկեր մը` արեւմտահայ եւ արեւելահայ գրականութենէն քաղուած բանաստեղծութիւններէ, միտքերէ: Խմբական արտասանութեան հետեւողութեամբ իւրաքանչիւր խօսք առնող շրջանաւարտ ներկայացուց աշխարհի, կեանքի եւ մարդկային յարաբերութիւններուն վերաբերեալ պատգամներ` բոլորն ալ խաղաղութիւն տենչալով: Մաղթանքներ, բաղձանքներ եւ գեղեցիկին մատչող արտայայտութիւններ` պատշաճ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ:

Տպաւորիչ պատգամներով ու երգերով հարուստ բեմական այս ներկայացումը պատրաստած էին քոլեճի ուսուցիչներ Մատլէն Վարդանեան (դերուսոյց), Զարմիկ Սուսանի (պարուսոյց), Գայեանէ Մարկոսեան (երգուսոյց) եւ Մարալ Փանոսեան (բեմական պաստառի ձեւաւորում):

Այնուհետեւ, յայտագիրը շարունակուեցաւ քոլեճի կրթական անցնող տարին ներկայացնող տեսերիզին ցուցադրութեամբ:

Հերթաբար կատարուեցան հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն ուղերձներու ընթերցումները` շրջանաւարտ աշակերտներու կողմէ: Ուղերձներուն յաջորդեց «Վերջին զանգ»-ի կատարումը շրջանաւարտներու կողմէ:

Քոլեճի յառաջադէմ, փայլուն ու գերազանց աշակերտները արժանացան մրցանակներու` տնօրէնութեան կողմէ: Անոնք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Համազգայինի հրատարակչատան կողմէ տրամադրուած գիրքեր եւ բարերարներու նիւթական նուէրներ ստացան:

Այսպէս, մրցանակներ շնորհուեցան քոլեճին հայագիտական նիւթերու բարձրագոյն միջինները ապահոված աշակերտներու («Կարօ Պետրոսեան մրցանակ», «Անդրանիկ Ուրֆալեան մրցանակ», «Ղազար եւ Մարիամ Ղազարեան մրցանակ»…), քոլեճին տիպար աշակերտին եւ աշակերտուհիին («Տոքթ. Միսաք Արզումանեան մրցանակ»), բնագիտութեան դասանիւթի լաւագոյն արդիւնքները ունեցող աշակերտներու («Մհեր Չուլհաճեան մրցանակ»), արուեստի շնորհներ ունեցող աշակերտներու («Խաթուն Ուրֆալեան մրցանակ», «Փայլակ եւ Աստղիկ Փանոսեան մրցանակ») եւ աւարտական դասարաններու փայլուն արդիւնքներով աշակերտներու («Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան մրցանակ»):

Օրուան անակնկալը եղաւ հալէպահայ շրջանաւարտի մը սրտի խօսքը` ուղղուած քոլեճին: Շրջանաւարտ Յովիկ Փոշօղլեան շնորհակալութեան եւ երախտիքի արտայայտութիւն ունեցաւ հանդէպ քոլեճին, որ անցնող տարի կրթական իր յարկին տակ պարփակեց աւելի քան 50 սուրիահայ աշակերտներ:

Քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան ներկայացուց իր խօսքը` յորդորելով վկայեալները դառնալու արժանաւոր շրջանաւարտները Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին: Օրուան թեմային անդրադառնալով, ան ըսաւ, որ աշխարհի խաղաղութիւնը կրնանք ապահովել այն ատեն միայն, երբ կ՛ապրինք մէկս միւսին համար եւ ոչ թէ մենք մեզի համար:

Տնօրէն Վիգէն Աւագեան իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ նախախնամութիւնը մեզ ստեղծած է այնպէս մը, որ մենք իրարու պէտք ունինք, իրարու լսելու եւ հասկնալու կարիքը ունինք, իբրեւ անհատ, իբրեւ ընտանիք, իբրեւ գաղութ, իբրեւ հայութիւն եւ իբրեւ մարդկութիւն:

Հուսկ կատարուեցաւ վկայականներու բաշխում: Բեմ հրաւիրուեցաւ Նորայր Աշըգեան եպիսկոպոս, որուն ձեռամբ շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները: Ապա սրբազանը իր սրտի խօսքով թելադրեց շրջանաւարտներուն պահելու հայու հոգին: Հայոց լեզուն` մէջբերումներ կատարելով Սիլվա Կապուտիկեանի եւ Յովհաննէս Շիրազի հայաշունչ բանաստեղծութիւններէն: Սրբազանը իր կարգին շնորհաւորեց ծնողները, անոնց կատարած ճիշդ կողմնորոշումին, իրենց զաւակները յանձնած ըլլալով հայ կրթական օճախին:

Նորայր եպիսկոպոսին օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը:

Ներկաները իրենց շնորհաւորական մաղթանքները ներկայացուցին շրջանաւարտներուն, ծափերու եւ լուսավառ հրավառութեան ցայտող շողարձակումներու միացուցած իրենց ցնծութիւնը:

Ամավերջի, վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնները իրարու կը նմանին բոլոր վարժարաններու պարագային: Այսուհանդերձ, հայ դպրոցէն շրջանաւարտ իւրաքանչիւր հայու զաւակ նոր յոյս մը կը բերէ ոչ միայն իր ընտանիքին, իր հարազատներուն, այլ նաեւ հայ ազգին` իբրեւ հայ մշակոյթը, հայոց լեզուն եւ հայկական աւանդութիւններն ու հայու արժէքները պահպանելու կոչուած յուսատու տարր, հայու առողջ եւ ինքնավստահ երթ:

Մեր շնորհաւորութիւնները` հայազգի բոլոր շրջանաւարտներուն:

Ստորեւ անուանացանկը շրջանաւարտներու.-

ԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
Ազնիւ Պօղոսեան, Քրիստինա Չպուքճեան, Լուսին Գաբլանեան, Բալիկ Տէմիրճեան, Վանայ Թաշճեան, Արման  Վարդիվառեան, Յովիկ Փոշողլեան, Հրանդ Տօնապետեան, Գէորգ Սինանեան, Նորայր Տալքըլըճեան, Վրէժ Գնտոյեան:

ՏՆՏԵՍԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
Անժելա Տաղլեան, Հուրի Գէորգեան, Մարիժան Սարգիսեան, Մեղրի Պետրոսեան, Նանօր Արուսեան, Նարինէ Պօղոսեան, Ռոզի Աւետիսեան, Թամար Ազնիկեան, Հրաչ Ճինպաշեան:

BT3 ՎԱՐՉԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
Անի Համալեան, Հերա Ապաճեան, Ճէնի Յակոբեան, Ճէսիքա Սարգիսեան, Լիզա Տէր Փիլիպոսեան, Մարիա Երէցեան, Մարիթթա Պարտաքճեան, Ռիթա Փիլաւճեան, Սարին Մովսէսեան, Արմէն Սահակեան, Ռուբէն Պապէեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )