ՄԱԿԱՐԱՎԱՆՔԻՆ «ՀԱՒԱՏՔԸ»
Հաւատքը կրօնական ինքնութեան, համոզումներու ու դաւանանքի հասկացողութիւն եւ ընկալում է թէեւ, բայց եւ այնպէս անիկա անպայման հաւաքականութեան ընդհանրական կեանքին մէջ իբրեւ «ուղեցոյց» ծառայող իրականութիւն է, ուր մարդ կ՛ապրի ճշմարտութիւնը` ի համոզումներէն մեկնելով: Եթէ հաւատքին մէջ շօշափելի եւ փաստացի ապացոյցներ չկան, բայց եւ այնպէս կայ ճշմարտութեան հաւատալը, որ կու գայ լիցքաւորելու անհատական ու հաւաքական կեանքերը` կերտելով ազգային ինքնուրոյն մշակոյթը անհատին եւ հաւաքականութեան:
Հայուն համար հաւատքը իր քրիստոնէական համոզումն է, որ ներմուծուած է մեր ազգային-հաւաքական կեանքին մէջ պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներու ընդմէջէն` դառնալով զօրաւոր խարիսխ ու երաշխիք` կեանքը կերտելու ու շարունակելու ի գին ամէն զոհողութեան:
Այս զոհութեան ճամբան հայուն համար եղած է ու տակաւին է երկար, արիւնոտ ու տագնապալի… Բայց այդ նոյն հաւատքին կառչածութիւնը հայուն տուած է կեանք ու աւելի կեանք…:
8 մայիսին Կիպրոսի Հանրապետութեան բռնագրաւուած շրջանի հայկական Մակարավանքին մէջէն կը փորձեմ դիտել կեանքը: Բայց ի՞նչ կեանք փնտռել աւերակներուն մէջ, եւ ինչպէ՞ս բացատրել կեանքի շարունակականութիւնը նոյնինքն վանքին, որ պատմութեան ընթացքին լոյսի եւ ճշմարտութեան փարոս, իսկ այսօր կան միայն պատերը` կիսով կանգուն ու ամայի:
Փոքր մատուռին մէջ մատուցուած Ս. պատարագն ու շարականներու երգեցողութիւնը հոգեպարար է: Ուխտագնացութիւնն է Մակարավանքի օրուան առիթով, որուն կը մասնակցիմ բարեկամներով` ապրելու համար օրը իր ամբողջական հարազատութեամբ:
Ասիկա Մակարավանք տուած երկրորդ այցելութիւնս է, բայց եւ այնպէս կրկին ապրեցայ ընդվզումը` ամբողջ զգացումներովս ու կիրքերովս: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ բռնագրաւումէն միայն 36 տարի ետք վանքը արդէն այսօրուան այս վիճակին հասած է. քարուքանդ է ու աւերակ: Բայց չէ՞ որ պատմական կոթող է` ազգային ու միջազգային արժէք ներկայացնող, ինչո՞ւ պէտք է կործանել այն, որ կանգնուած է կեանքեր կառուցելու:
Բայց հայոց պատմութեան մէջէն յստակ կ՛արտացոլայ, որ հայը միշտ ու անընդհատ ապրած է այդ իրավիճակը: Նոյն բռնագրաւողն է, որ նոյն ուժով ու տարողութեամբ, պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններու եւ մինչեւ օրս կը քանդէ մեր կոթողները, նաեւ` կեանքը…:
Բայց եւ այնպէս պէտք է դուրս գալ այս զգացական աշխարհէն, որպէսզի կարելի ըլլայ տեսնել կեանքին միւս երեսը` վերապրումն ու շարունակականութիւնը…: Եկեղեցական արարողութենէն ետք, կիսով աւերուած մատուռին մէջ դարձեալ ապրեցայ պահ մը ամենայն հպարտութեամբ: Հոն` նոյն այդ մատուռին փոքրիկ խորանին վերեւ, այդ օր վառած մոմերուն լոյսերուն տակ տեսայ մէկ հատիկ հայերէն բառ, որ տակաւին յստակ եւ ամուր կառչած է սիւնին… «ՀԱՒԱՏՔ»…: Քանդուած էր վանքը, աւերուած, չկար երդիք, ոչ ալ` պատուհան, խոտերը ծածկած են ամէնուրեք, եւ կեանքն ու պատմութիւնը արմատախիլ եղած են, բայց մնացած է զօրաւոր գրաւականը` հաւատքը:
Հայուն հաւատքն է ատիկա, որ պատմութեամբ ամէնէն դաժան ու տխուր օրերուն մնաց ամուր եւ տոկուն, ինչպէս` Մակարավանքին մատուռին սիւնին վրայ մնացած այդ բառը, որ բառ չէ, այլ` իմաստ: Հաւատքն է, որ իր կարգին քալեց հայութեան արիւնոտ ուղիէն, սակայն չմեռաւ, քանդուեցաւ, բայց չոչնչացաւ, թաքնուեցաւ, գաղտնի պահուեցաւ, բայց անպայմանօրէն կրկին երեւան եկաւ` իբրեւ իսկական եւ կենդանի հաւատք:
Հայուն հաւատքն է ատիկա, որ մնաց կանգուն` վերապրելով եւ վերաշինելով, գոյատեւելով եւ շարունակելով, այդ հաւատքն է, որ ճշմարտութեան եւ արդարութեան վկայութիւն եղաւ` վերապրելու ու շարունակելու:
Մակարավանքի մատուռի սիւնին վրայ վեհօրէն երեւցող եւ ամուր սիւնին կառչած «հաւատքը» այսօր եւս շատ խօսուն է. քանդուած պատերուն եւ տանիքներուն մէջէն կայ պատգամ մը` ուղղուած իւրաքանչիւրիս. «Հայուն այս հաւատքը պէտք է պահուի եւ շարունակուի»:
Այո՛, հայուն հաւատքը հին է, բայց` ոչ հինցած: Կարելի չէ «նոր»ի մթնոլորտին մէջ անտեսել այն, որ հիմը եղած է մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերուն: Պիտի կերտենք նորը, բայց անպայմանօրէն պիտի պահենք էականը, այն, որ մեր կեանքերուն տուաւ արժէք եւ արժեւորեց զայն պատմութեան բոլոր գործընթացներուն:
Ինքնաշարժներուն մէջ տեղաւորուած` կը պատրաստուինք Նիկոսիա վերադառնալու: Ինքնաշարժին պատուհանէն դարձեալ դիտեցի Մակարա վանքին «աւերակները» եւ հոն տեսայ հայուն կեանքը: Կեանք մը, զոր հայը կ՛ապրի հոս ու հոն, քիչ մը ամէն տեղ, եւ ան կը շարունակէ ապրիլ, որովհետեւ իր պատմութեան մէջ եղած են Մակարավանքեր, որոնք քանդուած են, բայց չեն ոչնչացած: Այդ կառոյցները կրցած են ամուր մնալ ամէն տեսակի տագնապի դիմաց եւ չեն ընկրկած: Եւ եթէ աւերուած են, բայց եւ այնպէս կրցած են աւերակներուն մէջէն դուրս հանել այդ «հաւատքը»` կենդանի եւ աշխուժ, յստակ ու պայծառ, որ վկայութիւնն է հայուն ապրելու վճռակամութեան:
Ու պատգամը կը շարունակուի…: Մակարավանքը իսկապէս պիտի քանդուի, եթէ հայը կորսնցնէ իր հաւատքը:
Հաւատք` ազգային, քրիստոնէական եւ պահանջատիրական ամբողջական հասկացողութեամբ:
Բայց երբեք պէտք չէ հոն հասնիլ, այլ պէտք է ամուր պահել Մակարավանքին «հաւատքը»:
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ