ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏ ՄԷԿ ՏԱՐԻՈՎ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ՕՈՒԸՆԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մայքըլ Օուըն

Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Եունայթըտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ յառաջապահ Մայքըլ Օուըն ընդառաջած է ակումբին կողմէ իրեն ներկայացած առաջարկին եւ մէկ տարիով երկարաձգած էր պայմանագրութիւնը: Ան այս ամիս առանց ակումբի պիտի մնար, եթէ երէկ չստորագրէր խումբին տոմարներուն վրայ:

Նախապէս Լիվըրփուլին մաս կազմած 31 տարեկան Օուըն, երկու տարի առաջ ազատ փոխանցումով մը Նիւքեսըլէն միացաւ Մանչեսթըրի, որուն հետ 48 մրցումի ընթացքին (մեծաւ մասամբ` փոխարինող մարզիկ) նշանակեց 14 կոլ:

Share this Article
CATEGORIES