ԵՒՐՕ – 2012. ՔՐԻՍԹԻԱՆ ԹՐԱՅՇ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԿԱԶՄԷՆ
Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ երէկ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ միջնապահ Քրիսթիան Թրայշ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել վաղը` ուրբաթ, 3 յունիսին, Աւստրիոյ դէմ տեղի ունենալիք Եւրօ-2012-ի զտումի մրցումին: Ան պիտի բացակայի նաեւ 7 յունիսին Ազրպէյճանի դէմ տեղի ունենալիք զտումի մրցումէն:
Շթութկարթի մաս կազմող 23 տարեկան Թրայշէն բացի, դաշտ պիտի չկարենան ներկայանալ նաեւ յառաջապահներ Մարքօ Ռէօս եւ Միրոսլաւ Քլոզը, ինչպէս նաեւ միջնապահ Պասթիան Շվայնսթայկըր:
Նշենք, որ միջնապահ Սեմի Խետիրայի մասնակցութիւնը կասկածելի է (թեթեւօրէն վիրաւոր ըլլալուն պատճառով):
CATEGORIES Մարզական