ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԹԻՒԻ ԱՆԿՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ՄՏԱՀՈԳԷ ԲՈԼՈՐՍ

Վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին ամբողջ Եւրոպայի տարածքին, ինչպէս նաեւ` սկանտինաւեան երկիրներու մէջ, քաղաքական կուսակցութիւնները միանշանակ կորսնցուցած են իրենց անդամներուն միջին  հաշուով 30 տոկոսը: Այս անկումը տեղի ունեցած է բոլոր կուսակցութիւններուն մօտ, անկախ թէ ի՛նչ գաղափարախօսութեան կը պատկանին անոնք:

Եթէ կացութիւնը շարունակուի նոյն ձեւով, նոյն թափով շարունակուի անդամաթափը, ապա որոշ գնահատականներու համաձայն, տասը տարիէն Եւրոպայի քաղաքական կուսակցութիւնները պիտի դիմագրաւեն իրենց վստահուած քաղաքական պաշտօնները տիրացողներ գտնելու դժուարութիւն,  որ իր հերթին կրնայ յառաջացնել ժողովրդավարութեան ծանր տագնապ:

Կուսակցութիւններու անդամներու թիւերը նոյնպէս մեծ անկում կրած են հայկական քաղաքական կեանքին մէջ, թէեւ այս մասին ընդհանրապէս չի խօսուիր, սակայն վիճակը այդպիսին է  համատարած կերպով, ե՛ւ  Հայաստանի, ե՛ւ հայկական սփիւռքի մէջ:

Այսօրուան գործող համակարգը կանգնած է լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ:  Կազմակերպութիւններու կորիզը, առանցքը կուսակցական անդամներն են: Այսինքն կուսակցական շարքերը իրենց վրայ վերցուցած են երկու հիմնական դերակատարութիւններ. առաջին` ծնունդ տալ քաղաքականութեան եւ մշակել զայն, երկրորդ` կուսակցութեան շարքերը համալրել նոր անդամներով:

Սակայն, հակառակ այս իրողութեան, այսօր մենք ունինք կուսակցութիւններ, որոնք ոչ միայն կարողութիւն չունին շարքերու կորուստի գործընթացը կասեցնելու, այլ նաեւ կարծէք չեն հետաքրքրուած այս խնդիրով: Այս գործընթացը հաւանաբար յանգի, աւարտի` շարքային անդամներու եւ, հետեւաբար, քաղաքացիներու քաղաքական կեանքէն հեռացումով,  օտարումով:

Այսօր քաղաքական կուսակցութիւնները ունին քաղաքական պաշտօնական իշխանութեան մենաշնորհը: Փաստօրէն Հայաստանի քաղաքացին եւ հայ մարդը շահագրգռող, յուզող հարցերու վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու, քաղաքական գործօն մասնակցութեամբ  քաղաքականութիւն ուղղորդելու միակ հնարաւոր ճանապարհը կը հանդիսանան կուսակցութիւնները:

Մեր հասարակութեան համար քաղաքական  բոլոր  կուսակցութիւններու անդամներու իրավիճակը, թիւն ու  դերակատարութիւնը  ուղղակի քաղաքացիութեան եւ ժողովրդավարութեան առնչուող լուրջ խնդիր է: Անոնք է, որ կը վճռահատեն հաւաքական մեր ապագան, անոնք է, որ ունին մեր զարգացման եւ բարգաւաճման բանալիները: Ընտրութիւններու ժամանակ կուսակցութիւնները քաղաքացիներուն կը ներկայացնեն բուռ մը մարդոց անուններ, որոնք իրենց ձեռքերուն մէջ կը պահեն մնացեալներուն ճակատագիրը վճռելու ուժն ու լծակները, հնարաւորութիւնները: Հայկական կեանքին վերաբերող վիճակագրութիւններ չունինք, սակայն Եւրոպայի օրինակով, եթէ 1979-ին քաղաքացիներուն 19 տոկոսը (կուսակցական շարքայիններ) ընտրական ցանկերու կազմութեան ճամբով կ՛որոշէին հասարակութեան քաղաքական ճակատագիրը, ապա այսօր այդ թիւը միայն 3 տոկոս է: Կը կարծեմ, որ թիւերը մեծ չափով չեն տարբերիր մեր պարագային, հաւանաբար այդ տոկոսը նոյնիսկ 3-էն պակաս է:

Փաստօրէն այսօր կը գտնուինք կացութեան մը առջեւ, ուր կան եւ կը գործեն «առանց անդամներու կուսակցութիւններ», որոնք յամենայնդէպս կը շարունակեն մշակել, տնօրինել, վճիռ կայացնել  քաղաքական կեանքի ամենատարբեր մանրամասնութիւններու շուրջ:

Թէեւ անխտիր բոլոր կուսակցական ղեկավար շրջանակները կը խօսին անդամներու անփոխարինելի կարեւորութեան մասին, սակայն անոնք կը խոստովանին որ անդամներու թիւը հսկայական անկում կրած է, եւ որ անկումը կը շարունակուի:

Սակայն ոչ ոք կ՛ուզէ ընդունիլ, որ անդամներու արագընթաց անկումը մտահոգիչ խնդիր է հասարակութեան  համար եւ լուրջ արգելքներ կը յառաջացնէ  ժողովրդավարութեան համար:

Կուսակցութիւններու անդամներու կորուստը, նաեւ կարեւոր խնդիր է հայկական իրականութեան մէջ: Մենք կը ձեւացնենք, որ հայկական կուսակցութիւնները հայրենիքի մէջ եւ դուրս այդ խնդիրը չունին: Սակայն այս մասին լռութիւն պահելը եւ կամ տագնապի գիտակցութեան լրիւ բացակայութիւնը ինքնին կը նշանակէ, որ այդ կուսակցութիւնները չունին խնդիրը լուծելու ռազմավարութիւն:

Այստեղ ըսեմ,  որ ես դէմ չեմ  արդէն լայն կիրարկում գտած այն երեւոյթին, երբ կուսակցութիւնները աստիճանաբար աւելի ու աւելի կը ղեկավարուին  մասնագիտացած մարդուժի կողմէ, եւ որոնք  ինքնաբերաբար կ՛որդեգրեն վերէն ղեկավարելու մեթոտներ` բաւարարուելով անդամներու փոքր թիւերով:  Սակայն` մէկ պայմանով, եթէ քաղաքացիներուն օրէնքով տրուին քաղաքականութեան վրայ ազդելու այլընտրանքային միջոցներ եւ ճամբաներ:  Միայն այն ժամանակ է, որ կուսակցութիւնները շռայլութիւնն ու ազատութիւնը  կրնան ունենալ ինքնուրոյն որոշելու, թէ ինչպէ՛ս կ՛ուզեն կազմակերպել իրենց կառոյցները:

Այնքան ժամանակ, որ քաղաքական կուսակցութիւնները իրենց մօտ կը պահեն պաշտօնական քաղաքականութեան  բանալիները, ապա անոնք կը վերածուին հայ քաղաքացիի միջոցներով սնանող գովազդային  գրասենեակներու, որոնք իրենց քաղաքականութիւնը կը մշակեն շուկայական օրէնքներու հիման` պահանջարկ-առաջարկ տրամաբանութեան վրայ: Գովազդի  վարպետները կ՛աշխատին մշակել եւ յառաջացնել պահանջարկն, եւ կուսակցութիւնները կը ձեւացնեն, որ իրենք լուծում կրնան բերել այդ պահանջ-կարիքներուն:

Ահա այստեղ է խնդիրը. քաղաքական կուսակցութիւնները անցեալին կը հանդիսանային քաղաքացիական հասարակութեան կարեւոր արտայայտութիւններէն մէկը, թերեւս` ամէնէն կարեւորը: Կուսակցութիւնները երբեք չէին նկատուեր որպէս պետութեան պատկանող տարրեր, պետութեան մասնիկ: Կուսակցութիւնները կը ֆինանսաւորուէին եւ կը ղեկավարուէին իրենց անդամներուն կողմէ, ունէին քաղաքական ուղեգիծ եւ ռազմավարութիւն, որ կը մշակուէր անդամներուն կողմէ: Հայ մարդը եւս ունէր ե՛ւ հաւատքը, ե՛ւ վստահութիւնը, որ քաղաքական կուսակցութիւնները տէր կը կանգնին եւ զարկ կու տան իր` որպէս քաղաքացիի ներգրաւման:  Առաւել եւս այդ հաւատքէն մեկնելով` հայ քաղաքացին, հայ մարդը կուսակցութիւններուն կը յանձնէր, անոնց կ՛ապաւինէր  քաղաքականութիւն բանաձեւելու  եւ  իրագործելու պատասխանատուութիւնը:

Սակայն արդեօք այլեւս կարելի՞ է խօսիլ ժողովուրդին ուժ ըսուածին մասին, երբ ժողովուրդին միայն ջնջին տոկոսը կ՛որոշէ ոչ միայն երկրի քաղաքական ուղեգիծը, այլ նաեւ այն, որ ժողովուրդին հսկայ տոկոսը ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ օգտին պիտի քուէարկէ:

Կուսակցութիւններու անդամներու թիւի անկումին հետեւանքները արդէն յստակօրէն սկսած են երեւիլ մեր կեանքին մէջ:

Կուսակցութիւններու տնտեսապէս ինքնաբաւ  դառնալու  եւ ֆինանսական կախուածութենէ ձերբազատելու ճիգերն ու գործընթաց մեզ տարած են հոն, ուր արդէն  կոտրած են կուսակցութիւն` շարքեր  կապերը եւ այդ կապերու յոյժ կարեւոր` տնտեսական օղակը: Անցեալին կուսակցութիւնները իրենք զիրենք կը ֆինանսաւորէին անդամներէն ստացուած միջոցներով, մինչդեռ այսօր ֆինանսաւորումը կ՛ըլլայ ե՛ւ պետական, ե՛ւ ոչ պետական աջակցութեան տարբեր ձեւերով:

Համայնքներու, քաղաքապետարաններու, մարզպետարաններու կուսակացական ներկայացուցչական պաշտօնները կ՛երթան կուսակցութիւններու, որոնք յաճախ յարմար կուսակցական մարդ չունին կամ ալ պարզապէս մարդ չունին այդ դիրքերը զբաղեցնելու համար:

Դժբախտաբար այնպէս կը թուի, որ այս միտումը պիտի շարունակուի: Յաճախ կուսակցական շարքայիններու թիւի անկումը կ՛արդարացուի «ժամանակները փոխուած  են, մարդոց հետաքրքրութիւնները փոխուած են» չքմեղանքներով: Սակայն որքան կարելի է ըսել ու կրկնել, որ հասարկութիւնն ու մարդիկը փոխուած են, մինչդեռ կուսակցութիւնները կը մնան անփոփոխ:

Ե՞րբ կուսակցութիւնները պիտի դառնան հասարակութեան շահերը հունաւորող կառոյցներ, ե՞րբ կուսակցութիւնները պիտի դադրին պետական հիմնարկներ ըլլալէ:

Ո՞վ է, որ կը կորսնցնէ կուսակցութիւններու շարքերու թիւի անկումին այս իրողութենէն, ի՞նչ հետեւանքներ ունեցեր է եւ ունի այդ անկումը մեր ընտրական համակարգին վրայ: Ասոնք հարցեր են, որոնք պատասխանի կը կարօտին: Կուսակցութիւնները իրենք պարտաւոր են պատասխան տալ այս հարցերուն:

Մտահոգիչը այն է, որ կուսակցութիւնները ոչ մէկ շահագրգռուածութիւն կը ցուցաբերեն այս մասին, մինչ իրենք է, որ պարտաւոր են բանաձեւել անդամներուն, իմա՛ քաղաքացիներուն` քաղաքականութեան մշակման մէջ վերպահուած դերակատարութեան վերաբերող խնդիրները:

Յամենայն դէպս յստակ է մէկ բան. պէտք չէ բաւարարուիլ` ըսելով, որ հասարակութիւնը ինքն է մեղաւոր, որ մերօրեայ հասարակութիւնը ինք չ՛ուզեր աշխատիլ կուսակցութիւններու մէջ:

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ
[email protected]

Share this Article
CATEGORIES