ՊԱՐԵՏ ՄԱՐՈՆԵԱՆԻ «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐԸ» ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՈՏՆԱՀԵՏՔԵՐՈՎ

Պարետ Մարոնեան

Վաւերագրական ժապաւէններու բեմադրիչ, «Արմէնօիտ խումբ»ի հիմնադիր, չորս անգամ շրջանային պատկերասփիւռի «Էմմի» (Emmy) մրցանակի մրցանակակիր Պարետ Մարոնեանի վերջին աշխատանքներէն է «Ցեղասպանութեան Որբերը» (Orphans of the Genocide) վաւերագրական կարճ ժապաւէնին երկար տարբերակի նկարահանումը:

Երկարաշունչ եւ անխոնջ աշխատանքէ ետք, «Ցեղասպանութեան որբերը» ժապաւէնի երկար տարբերակին նկարահանման գործը, որ ընթացած էր զանազան վայրերու մէջ, սկսելով Լիբանանի Այնթուրա քաղաքէն, անցնելով Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան եւ Արեւելեան ափերէն ու հասնելով վերջին հանգրուան` Հայաստան, հասած է իր աւարտին:

Նկարահանումներուն զուգահեռ, Պարետ Մարոնեան «Արմէնօիտ Խումբ»ին հետ շրջեցաւ քաղաքէ քաղաք եւ իր «Ցեղասպանութեան որբերը» ժապաւէնին ծրագիրը ներկայացուց հայաշատ շրջաններու մեր համայնքներուն` ստանալով նիւթական, քաջալերական եւ այլ տեսակի նեցուկ, սոյն գործին հաւատացող հայրենակիցներէ:

«Այցելեցինք եւ նկարահանեցինք Գիւմրիի, Էջմիածինի եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ: Լքուած որբանոցներու շէնքերը Գիւմրիի մէջ ահարկու էին եւ խորհրդաւոր, իմանալով, որ ժամանակին այնտեղ 20,000 որբեր կը պատսպարուէին: Էջմիածինի մէջ յայտնաբերեցինք հողատարածք մը, ուր թաղուած էին Ցեղասպանութեան որբեր: Այժմ այդ հողատարածքը, հեգնականօրէն, վերածուած է խաղավայրի… նաեւ «Նաշընըլ Ճիոկրաֆիք Արքշիւ»ին (National Geographic Archive) մէջ յայտնաբերեցի նոյն այդ հողատարածքի արխիւային լուսանկարները, որոնց մէջ կը պատկերուէր ընդհանուր թաղման վայրը», կը յայտնէ Պարէտ Մարոնեան:

Էջմիածին` Վաղարշապատի որբերը

Բեմադրիչը իր նկարահանման օգնականներուն հետ, ապրիլ 24-ին նկարահանեց Ծիծեռնակաբերդի հաւաքը: Անոնք ունեցան հարցազրոյցներ` Ցեղասպանութենէն ազդուած արուեստագէտներու եւ մասնագէտներու հետ: Ապա, քանի մը օր ետք, ան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան – հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանին կողմէ հրաւիրուեցաւ թանգարան` կատարելու համար Լոս Անճելըսի մէջ անցեալ ամիս կայացած ներկայացման նման ելոյթ մը, որպէսզի բացատրէ իր ժապաւէնի ծրագիրին աշխատանքներն ու հանգրուանները (Պարետ Մարոնեան նոյնանման ելոյթ մը ունեցած էր նաեւ Լիբանանի «Հայկազեան» համալսարանին մէջ):

Խումբը ունեցաւ հարցազրոյց մը` Էջմիածինի արխիւներու տնօրէն հայր Աշողիկ Կարապետեանի հետ, որ յայտնեց, թէ Էջմիածինի մէջ 200 եարտ տարածութեամբ հողաշերտի մը տակ թաղուած են անհամար թիւով Ցեղասպանութենէն վերապրածներ, որբեր, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին քոլերայի եւ այլ հիւանդութիւններու զոհ դառնալով:

Անոնք հարցազրոյց ունեցան նաեւ նորվեկիացի Ժուսի Ֆլեմինկ Պիորնի հետ` թոռը Պոտիլ Քաթրին Պիորնի, որ հաստատուած էր Մուշի մէջ` իբրեւ միսիոնար, վկայ եղած էր Մուշի ջարդերուն, փրկած էր Ցեղասպանութեան հարիւրաւոր որբեր եւ հիմնած` իր որբանոցը:

Գիւմրիի որբերը

«Երեւանի մէջ հանդիպեցանք եւ հարցազրոյց ունեցանք Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի դասախօս Պրուս Պօղոսեանի հետ, որ թոռն է 103 տարեկան, Մեսեչուսեց բնակող Ցեղասպանութեան որբ Ալմաս Պօղոսեանին», կ՛ըսէ Պ. Մարոնեան:

Նկարահանողները հանդիպեցան նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի ԵՈՒՆԵՍՔՕի բաժանմունքի նախագահ Լեւոն Չուքասզեանի հետ, որ խօսեցաւ հայ արուեստագէտներուն վրայ Ցեղասպանութեան ունեցած ազդեցութեան մասին:

Նշենք, որ Պարետ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան որբերը» ժապաւէնը կ՛իրականացուի հիմնականօրէն Պեզիկեան ընտանիքին հովանաւորութեամբ:

Այժմ բեմադրիչը կը կատարէ ժապաւէնի համադրումի բծախնդիր աշխատանքը, որ պիտի տեւէ քանի մը ամիս:

 

Պատրաստեց` ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES