ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Մայրը ընդհանրապէս եւ հայ մայրը մասնաւորաբար միշտ յարգելն ու արժեւորելը մարդկային եւ ազգային վեհ ու սրբազան պարտականութիւն է:

ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան «Հայաստան» մասնաճիւղը այս պարտականութեան հաւատարիմ մնալով մայիսին ազնիւ ու վեհանձն նախաձեռնութեամբ մը հայ մօր եւ անոր նուիրականութեան մասին գրութիւն մը հրապարակեց եւ բաժնեց շրջանի հայ մայրերուն:

ԼԵՄ-ի այս քայլը օրինակելի եւ գնահատելի է, մանաւանդ որ իւրաքանչիւր անձ իր լինելութիւնը կը պարտի իր մօր, որ կու տայ անսակարկ, կը զոհուի անսահման եւ ա՛ն է, որ ապագայի սերունդները կը կերտէ:

Ստորեւ կը հրատարակենք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի գրութիւնը:

Մեր սիրելի՛ հայ մայրեր,

Բարի Մայրերու տօն, ձեր վարձքը կատար:

Շնորհակալութի՛ւն ձեզի, հայ ընտանիքներու սիրելի մայրեր, ձեր ազնիւ ու նուիրական ջանքերուն շնորհիւ կը պահպանուին մեր ընտանիքները:

Սիրելի՛ մայրեր, դուք էք մեր ազգի հայ զաւակներուն առաջին եւ վերջին դաստիարակը, զգացում ու հոգի ներշնչողը. դուք էք մեր ազգին ներկան կերտողը եւ ապագայ երաշխաւորողը…

Հպարտացէք ձեր հայ զաւակներով, որոնք հանգիստ կը զգան հայ մօր գիրկին մէջ, ապահով` հայ դպրոցի հովանիին տակ, ամուր` ազգային եկեղեցւոյ գմբէթին տակ: Հպարտացէք ձեր զաւակներով, որոնք ձեր դաստիարակութեան իբրեւ արդիւնք` կը յաճախեն հայկական ակումբներ, մշակութային կեդրոններ ու կը մեծնան, հեռու կը մնան վատ միջավայրէ եւ կը կազմաւորուին իբրեւ հայ երիտասարդներ:

Սիրելի՛ հայ մայրեր, դուք էք մեր ազգի նուիրեալները, ձեր զաւակները գուրգուրոտ ձեռքերու մէջ պահող հերոսները, դուք էք այն կամքը, այն կորովը, այն որոշումը, որ պիտի առաջնորդէ մեր ազգը` իր դառն անցեալէն դէպի յաղթական ապագայ:

Հա՛յ մայրեր, միասին, ձեռք ձեռքի տուած` մեր ապագան կերտենք, մեր ազգի զաւակները պահենք մեր ակումբներուն ու միութիւններուն հայաշունչ մթնոլորտին մէջ, հեռո՛ւ ապազգայնացնող, բարոյազրկող յոռի բարքերու վտանգներէն: Բոլորս միասին աշխատինք մեր ազգի զաւակները` պատանիներն ու երիտասարդները, ձե՛ր զաւակները անվտանգ պահելու համար, ի սէր ազգի գոյատեւման…

Ո՛վ հայ մայրեր, անգամ մը եւս շնորհակալութիւն եւ բարի Մայրերու տօն:

ՀՅԴ ԼԵՄ
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Share this Article
CATEGORIES