ՃԱՏՐԱԿ. ՇԻՇԼԻ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ
Պոլսոյ Շիշլիի ճատրակի հայկական ակումբը, Թուրքիոյ խմբային ախոյեանութեան կիսաւարտականին իր կատարած երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրելով, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 3 – 10 յուլիսին` Քոնիոյ մէջ:
Հայ ճատրակ խաղացողները` գլխաւորութեամբ հայրենի մեծ վարպետ Հրանդ Մելքումեանի, յաջորդաբար պարտութեան մատնեցին Թաքսիմը (5 – 3) եւ Էօզել Տենիզ Ատըն (7,5 – 0,5):
CATEGORIES Մարզական