ԵՒՐՕ – 2012. ՌՈՒՍԻԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐՆԵՐԸ` ՖՐԱՆՍԱՑԻՆԵՐ
Եու. Է. Էֆ. Ա.ն պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց այն իրաւարարներուն անունները, որոնք այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Եւրօ – 2012-ի զտումի մրցումները պիտի սուլեն:
Շաբաթ, 4 յունիսին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունենալիք Ռուսիա – Հայաստան մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան ֆրանսացիներ:
Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ փորձառու Սթեֆան Լանուա: Ան Ֆրանսայի մէջ բաւական հանրածանօթ իրաւարար է եւ միջազգային գետնի վրայ տպաւորիչ ելոյթներ ունեցած է:
41 տարեկան իրաւարարը այս տարեշրջանին «Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին չորս անգամ նկատի առնուեցաւ Եու. Է. Էֆ. Ա.ին կողմէ:
Ան միջազգային 40 մրցումի իրաւարար ըլլալով` 6 անգամ գործածած է իր կարմիր քարտը, 8 անգամ փենալթի տուած է, իսկ 143 անգամ ալ գործածած է իր դեղին քարտը:
CATEGORIES Մարզական