ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՇԱԲԹՈՒԸՆԷ ՍԿՍԵԱԼ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ԻՐ ԲՈԼՈՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԵՐԸ ԿԱԶՄԱՒՈՐԵԼՈՒ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ երկուշաբթի, 6 յունիսէն սկսեալ, մեծ աշխատանքի պիտի սկսի` կազմաւորելու համար իր բոլոր ազգային խումբերը, որպէսզի անոնք կարենան լաւ արդիւնք արձանագրել միջազգային մրցաշարքերուն:

Երկուշաբթի, 6 յունիսին «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ պիտի սկսին աղջկանց ազգային խումբին փորձերը, որպէսզի առաւելագոյն պատրաստութիւնները տեսնուին` յառաջիկայ օգոստոսին Ճափոնի մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ ախոյեանութեան համար: Խումբին մարզիչն է Էլի Նասըր:

16 տարեկանէն վար տղոց ազգային խումբը յառաջիկայ շաբաթ իր կարգին պիտի սկսի պատրաստուիլ Ասիոյ ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Վիեթնամի մէջ` յառաջիկայ հոկտեմբերին: Խումբին մարզիչն է Ճօ Մաժաէս:

Իսկ 17 տարեկանէն վար տղոց ազգային խումբը պիտի սկսի իր փորձերուն` պատրաստուելու համար Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան: Խումբին մարզիչն է Սելիմ Շըմալի:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբին, անիկա իր փորձերուն պիտի սկսի քիչ մը աւելի ուշ, երբ ունենայ իր նոր մարզիչը` պատրաստուելու համար յառաջիկայ ամրան տեղի ունենալիք Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան: Այս ախոյեանութիւնը կը նկատուի կարեւոր` նկատի ունենալով, որ ասիական մէկ խումբ միայն պիտի ապահովէ իր տոմսը` յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք Լոնտոնի ամառնային ողիմպիականին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES