ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐՄԷՆԵԱՆ` «ԵՈՒ. ՍԻ. ԷԼ. ԷՅ.»Ի ՄԷԿ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՏՆՕՐԷՆԻ ՏԵՂԱԿԱԼ

Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի («Եու. Սի. Էլ. Էյ.») հանրային առողջապահութեան բաժանմունքի տնօրէն Լինտա Ռոզընսթա կը տեղեկացնէ, որ նոյն բաժանմունքի ակադեմական ծրագիրներու տնօրէնի տեղակալ նշանակուած է դոկտ. Յարութիւն Արմէնեան, որ 1 յուլիս 2011-ին պիտի ստանձնէ իր նոր պաշտօնը:

Դոկտ. Յարութիւն Արմէնեան, որ ներկայիս կը դասաւանդէ համալսարանի այդ բաժանմունքին մէջ, անցեալին եղած է Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի տնօրէն եւ վարիչը «Ճոն Հոփքինզ» համալսարանի հանրային առողջապահութեան «Պլումպըրկ» բաժանմունքին:

Share this Article
CATEGORIES