ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ՀՐԱՇՔ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐ ԵՒ ԱՌՈՂՋ ԿԵՆՑԱՂ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 1 յունիս 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Հրաշք ուտելիքներ եւ առողջ կենցաղ» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր սննդագէտ Թանիա Վահանեան-Փափազեան:
Բացման խօսքը առողջապահական յանձնախումբին կողմէ արտասանեց Յասմիկ Մկրեան, որ ներկայացուց օրուան դասախօսը եւ դասախօսութեան նիւթը` յիշեցնելով, որ կանխարգիլելու համար կարգ մը հիւանդութիւններ, կարեւորութեամբ պէտք է նկատի ունենանք ուտելիքներու ընտրութիւնը, քանակը եւ զանոնք պատրաստելու տարբեր կերպերը:
Սննդագէտ Թանիա Վահանեան-Փափազեան դասախօսութեան սկսաւ թուելով շարք մը ուտելիքներ` զանոնք կոչելով «Հրաշք» ուտելիքներ, որոնք մեծ համեմատութեամբ կ՛ազդեն կանխարգիլելու շարք մը հիւանդութիւններ:
1.- Սխտորը.- Սխտորը ունի բաւական հին պատմութիւն եւ անոր բուժիչ յատկութիւնները պատմութեան ընթացքին միշտ ալ լուսարձակի տակ առնուած են` տակաւին փարաւոններու օրերէն:
Բարձր ճնշում ունեցողներու պարագային օրական 2-3 պճեղ սխտորի գործածութիւնը մեծապէս կ՛օգնէ ճնշումի բարելաւման: Սխտորի հում գործածութիւնը աւելի ազդու է, քան տարբեր միջոցներով պատրաստուած սխտորը:
Սխտորը նաեւ կ՛օգնէ շաքարախտէ, բարձր քոլեսթերոլէ եւ ընդհանրապէս սրտի հիւանդութիւններէ տառապողներուն:
2.- Լոլիկը.- Լոլիկը յաճախ կը գործածենք տարբեր տեսակի ճաշերու մէջ: Լոլիկը 10-15 ջերմուժ կը պարունակէ: Լոլիկը գլխաւորաբար կը պարունակէ «լիքոփին» նիւթը` տղամարդոց պարագային կանխարգիլելու շագանակագեղձի քաղցկեղի կարելիութիւնը:
Լոլիկը ուտելու պարագային ձէթի գործածութիւնը կ՛օգնէ արագ մարսողութեան: Սննդագէտը յիշեց նաեւ «քեչափ»ի գործածութիւնը ու անոր սննդարար յատկանիշները:
Նուազագոյնը շաբաթը 5 անգամ պէտք է ուտել հասուն լոլիկ` կանխարգիլելու տարբեր քաղցկեղի հիւանդութիւնները եւ մորթի վէրքերը:
3.- Խնձորը.- Ինչպէս առածը կը յիշեցնէ` «Մէկ խնձոր օրական քեզ հեռու կը պահէ բժիշկէ»: Լիբանանի մէջ տարուան ընթացքին միշտ խնձորը կարելի է շուկայէն գնել:
Դասախօսը թելադրեց խնձորը ուտել իր կեղեւովը, ինչ որ աւելի առողջարար է: Խնձորը յատկապէս օգտակար է արգիլելու աղիքի քաղցկեղը, ինչպէս նաեւ գերճնշումը:
Փորհարութեան եւ պնդութեան պարագային կրկին խնձորը ունի իր առողջարար դերակատարութիւնը:
Խնձորը կը պարունակէ «փեքթին ֆայպըր»ը, որ կը նուազեցնէ վատ «Էլ. Տի. Էլ.» քոլեսթերոլի քանակը արեան մէջ:
4.- Պրոքոլին.- Պրոքոլին բարձր համեմատութեամբ կը պարունակէ «Սի.» կենսանիւթ, ինչ որ շատ օգտակար է ծխողներու պարագային:
Պրոքոլին կը պարունակէ նաեւ «անթի օքսիտանթներ», որոնք անհրաժեշտ դերակատարութիւն ունին կանխարգիլելու քաղցկեղի շարք մը հիւանդութիւններ: Իսկ քիչ խաշուած պրոքոլին մեծապէս կ՛օգնէ ստամոքսի քաղցկեղի պարագային:
5.- Իւղոտ ձկնեղէն.- Տեղական ու յաճախ շուկան գտնուող ձուկերը նուազ իւղ կը պարունակեն: Իւղոտ ձկնեղէններու մէջ կայ մեծ համեմատութեամբ օմեկա 3-ի նիւթը:
Օմեկա 3-ը մեծապէս կ՛օգնէ`
ա.- Բարձր ճնշումի:
բ.- Բարձր իւղերու, յատկապէս թրիկլիսերիտի:
գ.- Շաքարախտի:
դ.- Սրտի հիւանդութիւններու:
ե.- Յիշողութեան պարագային:
Թանիա Վահանեան-Փափազեան յիշեց նաեւ, որ նուշն ու ընկոյզը կը պարունակեն օմեկա 3-ը, բայց չափաւոր գործածութիւնը պայման է:
6.- Իւղեր` ձիթաիւղ կամ քանոլլա: Տապկելու պարագային օգտագործել քանոլլա ձէթը, որ կը պարունակէ օմեկա 3-ը: Իսկ աղցանի պատրաստութեան համար գործածել ձիթաիւղը:
Քանոլլայի գործածութիւնը պէտք է ըլլայ չափաւոր, որովհետեւ անիկա կը պարունակէ բարձր ջերմուժ:
Քանոլլան իր մէջ ունի նաեւ «Ի.» կենսանիւթ: Այս կենսանիւթը կը յատկանշուի իբրեւ կանխարգելիչ թոքի քաղցկեղը:
7.- Մածունը.- Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, թէ Կովկասի շրջանի ժողովուրդի երկարակեցութեան պատճառը անոր կողմէ բարձր համեմատութեամբ մածունի գործածութիւնն է:
Մածունը կը պարունակէ «փրոպայոթիք» մանրէներ, որոնք ժամանակի ընթացքին կը բազմանան ու օգտակար են, յատկապէս երբ մածունը թթուած է:
Մածունը կը պարունակէ նաեւ քալսիոմ, որ անհրաժեշտ է կանխարգիլելու ոսկրափտութիւնը:
Մածունի գործածութիւնը նաեւ կ՛օգնէ բարձր ճնշումէ ու քոլեսթերոլէ տառապողներուն:
8.- Համեմներ.- Այս բաժինով սննդագէտ Թանիա Վահանեան-Փափազեան թուեց շարք մը համեմներ, որոնք օգտակար են` գործածելով զանոնք մեր պատրաստած ճաշերուն մէջ: Օրինակ` գուրգուման, կասիան, հելը, որոնք հիւանդութիւններու կանխարգիլման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունին:
9.- Կանաչ թէյը.- Շատ քիչ ջերմուժ կը պարունակէ, բայց իր լեղի համով մեծապէս կը նպաստէ քաղցկեղի տարբեր հիւանդութիւններու, ինչպէս նաեւ փարքինսոնի, ալզայմըրի եւ ընդհանրապէս ուղեղի ու ջղային համակարգի հետ առնչուած կարգ մը հիւանդութիւններու բուժման:
Դասախօսութեան աւարտին սննդագէտը օրինակներով ու բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: