ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ 550-ԱՄԵԱԿԻ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ-ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ
28-29 մայիս 2011-ին, Պոլսոյ մէջ եկեղեցական ու ազգային տօնախմբութեամբ նշուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութեան հիմնադրութեան 550-ամեակը` մասնակցութեամբ հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչներուն եւ ներկայութեամբ հրաւիրեալներու ու հաւատացեալներու բազմութեան:
Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ` Արամ արք. Աթեշեանի եւ Կրօնական ժողովի հրաւէրին ընդառաջելով` Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական օրհնութեան գիր հրապարակելով յատուկ պատուիրակութիւն առաքեց Պոլիս` մասնակից դառնալու յոբելենական հանդիսութեանց: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կորիւն արք. Պապեան եւ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան: Սոյն տօնախմբութեան ներկայ գտնուելու համար Պոլիս ժամանած էր նաեւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեան: Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներն էին Նաթան եպս. Յովհաննիսեան եւ Անուշաւան եպս. Ժամկոչեան: Իսկ Երուսաղէմի հայոց առաքելական աթոռը կը ներկայացնէր Սեւան արք. Ղարիպեան:
Շաբաթ, 28 մայիսի առաւօտեան, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն, երբ հիւր հոգեւորականութեան ի պատիւ թափօր կազմուեցաւ եւ քահանայից դասին առաջնորդութեամբ ներկաները կանոնական աղօթք կատարեցին: Ապա, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս բարի գալստեան խօսք ուղղեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրապետական աթոռներու գահակալներուն, որոնք բաժնեկից դառնալով իրենց յոբելենական ուրախութեան, ներկայացուցիչներ ղրկած էին 550-ամեակի տօնախմբութեան համար: Պատասխան խօսքով հանդէս եկաւ Նաթան սրբազան եւ հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական բոլոր աթոռներուն եղբայրական սիրոյ թարգմանը հանդիսացաւ:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք հոգեւորականներու դասը ուղղուեցաւ դէպի Շիշլիի Ազգային գերեզմանատունը, ուր երանաշնորհ պատրիարքներու շիրիմներուն շուրջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Այստեղ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խօսք արտասանեց Կորիւն արք. Պապեան` վեր առնելով Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան եւ անոր քաջարի պատրիարքներուն նուիրեալ ծառայութիւնը անցնող 550 տարիներուն ընթացքին:
Յաջորդ օր` կիրակի, 29 մայիսին, Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագով ու աղօթքով նշուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութեան հիմնադրութեան 550-ամեակը: Սուրբ պատարագը մատուցեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանը` ներկայութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան ներկայացուցիչներուն, հոգեւորականներու դասուն, հրաւիրեալներուն եւ հաւատացեալներու մեծաթիւ բազմութեան:
Յընթացս սուրբ պատարագի, դէպի խորան վերաբերուեցան Ամենայն Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակն ու օրհնութեան գիրը:
Երկու հայրապետները իրենց սրբատառ գրութիւններուն ճամբով իրենց հայրական օրհնութիւնը կը բերէին այն սրբազան գործին, որ դարերու ընթացքին կատարած է ու կը շարունակէ կատարել Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքական աթոռը: Քաղաքական թէ ընկերային տարբեր պայմաններու մէջ, անցնող դարերու ընթացքին Կոստանդնուպոլսոյ աթոռին կատարած տիրութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերուն բարձրօրէն գնահատած էին վեհափառները: Արամ Ա. վեհափառ յատկապէս աղօթք կը բարձրացնէր նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանին առողջութեան համար: Ան ներկայիս գիտակցութեան տկարացման անբուժելի հիւանդութեան մատնուած է եւ մնայուն խնամքի ենթակայ:
Յանուն Երուսաղէմի պատրիարքութեան իր հոգեւոր խօսքը եւ շնորհաւորութիւնը արտայայտեց նաեւ Սեւան արք. Ղարիպեան: աղութին մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայու պարտաւորութիւնն է, ըսաւ ան, մաս կազմել եկեղեցւոյ կեանքին, ինչպէս նաեւ հայապահպանման ու ազգային յառաջդիմութեան գործին:
Արամ արք. Աթեշեան տուաւ իր քարոզը, որուն ընթացքին յիշելով Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան անցեալի իրագործումները, նոր հորիզոններու անկիւնադարձ նկատեց 550-ամեակը: Ընդհանուր փոխանորդ սրբազանը իր խօսքի աւարտին «Յովհաննէս Կոլոտ»ի ոսկեայ շքանշանով պարգեւատրեց դոկտ. Զաւէն Եկաւեանը` պոլսահայ գաղութին իր բերած մեծ նպաստին համար: Ան նաեւ պարգեւատրեց Շիշլիի թուրք քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլը, որ դարձեալ մեծապէս նպաստած է իր հոգածութեան ներքեւ գտնուող տարածքի հայ բնակչութեան:
Սուրբ պատարագին յաջորդեց հոգեհանգստեան պաշտօնը Մայր խորանին վրայ` մասնակցութեամբ սրբազան հայրերուն, մինչ խորանին ճիշդ կեդրոնը պատրիարքական դատարկ գահ դրուած էր` խորհրդանշելով մէկ կողմէ պատրիարք սրբազան հօր անբուժելի հիւանդութեան բերմամբ թափուր մնացած անոր աթոռը, եւ միւս կողմէ` անոր ցանկալի ներկայութիւնը:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, հոգեւորականներու թափօրով ներկայ ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի «Պեզճեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ: Արամ սրբազան խօսք առնելով հայերէնով եւ թրքերէնով անդրադարձաւ պատրիարքարանի յոբելեանին եւ խնդրեց աղօթել պատրիարք սրբազանի առողջութեան համար:
Խօսք առին նաեւ պարգեւատրեալները` դոկտ. Զաւէն Եկաւեան եւ քաղաքապետ Սարըկիւլ: Դոկտ. Եկաւեան պոլսահայ գաղութի ամուր հիմքերուն ակնարկեց` հայկական վարժարաններուն նկատմամբ հիմնարկութեան հոգածութիւնը յիշելով եւ իր անվերապահ աջակցութեան մասին հաւաստիացնելով գաղութի զաւակները: Նոյնպէս, հայ համայնքի տիպար անդամներուն մասին արտայայտուեցաւ քաղաքապետ Սարըկիւլ` մեծ պատիւ նկատելով Պոլսոյ պատրիարքութեան կողմէ պարգեւատրուելու երեւոյթը: