ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ` ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՈՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ԵՒ «ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»Ի ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ ՈՒ ԱՊԱԳԱՅԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ

Ներկաները կը հետեւին փոխանցուած տեղեկութիւններուն

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան աշխարհագրական ներկայ դիրքը, բնակչութեան թիւն ու անոր կարգավիճակը, տարբեր շրջաններու, յատկապէս ազատագրուած տարածքներու պարզած ներկայ պատկերը, շրջանի ընկերային ու տնտեսական իրավիճակը, երկրին կարիքները, անոր դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման իմաստով «Արցախ ֆոնտ»ին ծաւալած աշխատանքները ներկայացուեցան երէկ` չորեքշաբթի, 1 յունիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի ակումբին մէջ:

ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին հետ համագործակցաբար իրականացած այս ձեռնարկին ընթացքին «Արցախ ֆոնտ»ի անդամ Բենիամին Պչաքճեան համապատասխան լուսանկարներու ուղեկցութեամբ խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ տիրող այսօրուան իրավիճակին, առկայ մեծ թիւով հարցերուն, բնակիչներուն ունեցած կարիքներուն եւ յատկապէս Քաշաթաղն ու Շահումեանը առաւել եւս բնակելի դարձնելու, զանոնք կեանքով լեցնելու իմաստով աշխատանքներ ծաւալելու մասին: Ան դիտել տուաւ, որ այդ շրջաններու բնակիչներուն օժանդակութիւնը պէտք է ըլլայ այնպէս, որ անոնց կեանքի բարօրութեան ու կենցաղի բարելաւման ծառայէ, որպէսզի անոնք կարենան գոյատեւել այդ տարածքներուն վրայ, ուր մարդոց գոյութիւնը շատ կարեւոր է նաեւ քաղաքական իմաստով:

Բ. Պչաքճեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց «Արցախ ֆոնտ»ի նախաձեռնած  «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրը, տարբեր միջոցներով եւ տարբեր ծիրերու մէջ իրականացուցած օժանդակութիւնները, որոնք բոլորն ալ կը նպատակադրեն աւելի բարօր կեանք, ընդունելի պայմաններ եւ կրթական, առողջական ու կենցաղային աւելի լաւ պայմաններ ստեղծել արցախցիին համար:

Իր խօսքին վերջին բաժինով ան անդրադարձաւ վերջին ժամանակաշրջանին ընթացք առած լիբանանահայ գործարարներու ճամբով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ ներդրումներ կատարելու ծրագիրներուն մասին, որոնց հիմնական նպատակն է որոշ եկամուտ ապահովել, գործերու առիթներ ստեղծել եւ գիւղացին մղել աւելի կառչելու այդ հողին ու անոր զարգացման համար գործելու: Ան նաեւ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետին Լիբանան տուած այցելութեան ու լիբանանահայ գործարարներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն` հաստատելով, որ ցարդ բաւական դրական է ընթացքը, 2 միլիոն տոլարի ներդրում կատարուած է, ինչ որ առիթ կու տայ 600 ընտանիքի փոխատուութիւն տրամադրելու եւ անձնական աշխատանքներու սկսելու Արցախի մէջ:

Իր խօսքը աւարտելով` Բ. Պչաքճեան դիտել տուաւ, որ նման հաւաքական աշխատանքներ, որոնք կը միտին շրջանը տնտեսապէս աւելի կայուն դարձնել, օրինակելի պէտք է ըլլան, որովհետեւ հայրենիքին ուղղութեամբ այս տեսակի աշխատանքներու կարիք կայ այսօր:

 

Share this Article
CATEGORIES