ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԻՋԵՒ ԱՌԵՒՏՈՒՐԸ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ԹԱՓՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Անցեալ տարի թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ իսրայէլեան յարձակումէն ետք Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ ստեղծուած դիւանագիտական լարուածութիւնը որեւէ ձեւով չէ ազդած երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող առեւտրական յարաբերութեան վրայ, որ կը շարունակէ զինուորական եւ այլ մարզերու մէջ վերելք արձանագրել:

Թրքական «Եաքուպօղլու» ընկերութեան վարչական պատասխանատուներէն մէկը թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին կը յայտնէ, որ մինչ Թուրքիա Իսրայէլէն բարձր ճարտարագիտական զինուորական կազմածներ կը ներածէ, անիկա Իսրայէլին զինուորական մոյկեր եւ տարազներ կ՛արտածէ: «Թուրքիա իսրայէլեան բանակը կը զգեստաւորէ, հիմնականին մէջ զինուորական մոյկեր  արտածելով»:

«Հիւրրիյէթ» կը գրէ, որ թուրք եւ իսրայէլացի գործարարները առեւտուրի ոսկեդար մը կ՛ապրին: 2009-2010 տարեշրջանին ընթացքին Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտուրի ծաւալը բարձրացած է 25 առ հարիւրով, իսկ 2011-ի առաջին քառամսեակին, բաղդատմամբ 2010-ի նոյն ժամանակաշրջանին` 40 առ հարիւրով: Անցեալ տարուան աւարտին երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը 2009-ի 2 միլիառ 580 միլիոնէն բարձրացած է 3 միլիառ 442 միլիոնի:

Թել Աւիւի եւ Իսրայէլի առեւտրական կեդրոնական գրասենեակի նախագահ Ուրիել Լինն «Հիւրրիյէթ»ին յայտնած է, որ «Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի առեւտրական յարաբերութիւնները, հակառակ քաղաքական տագնապներուն, կը զօրանան: Թուրքերն ու իսրայէլացիները իրարու դէմ չեն ճակատիր, երկու երկիրներուն մէջ առեւտուրի ծաղկումը ատիկա կը փաստէ»:

Ըստ «Եըլմազլար կրուփ» ընկերութեան ղեկավար Ահմեթ Ռէյիզ Եըլմազի, Թուրքիա ներկայիս շրջանին մէջ Իսրայէլի մեծագոյն առեւտրական գործընկերն է, իսկ միջազգային մակարդակի վրայ` Միացեալ Նահանգներէն ետք 2-րդը: Ան նշեց, որ եթէ ներկայ ընթացքը շարունակուի, Թուրքիա կրնայ փոխարինել Միացեալ Նահանգները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES