ՕՊԱՄԱՅԻ «ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄ» ԿԱՄ «ՀԵՌԱՑՈՒՄ» ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ՎԵՐՅԻՇԵՑՆԵԼՈՎ. «ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ՕՐԸՍՏՕՐԷ ԴԺՈՒԱՐ ԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՔԼԻՆԹԸՆ

Հիլըրի Քլինթըն

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ երեքշաբթի օր յայտարարուած` 31 մայիսէն առաջ գործուած ոճիրներու համաներումէն ետք, ամերիկեան առաջին հակազդեցութեամբ մը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երէկ յայտնեց, որ Ասատ լուրջ բարեփոխումներ չկատարեց եւ իր ժողովուրդին դէմ բռնարարքներու դադրեցման կոչ չուղղեց: Ան նշեց, որ սուրիական կառավարութեան կեցուածքը օրըստօրէ դժուար ընդունելի կը դառնայ:

Քլինթըն վերյիշեցուց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա վերջերս նախագահ Ասատին երկընտրանք մը ներկայացուց` կա՛մ դէպի ժողովրդավարական վարչակարգ փոխանցումը ղեկավարել, կա՛մ ալ «հեռանալ»:

Ան ըսաւ, որ այն տեղեկութիւնները, թէ 13 տարեկան սուրիացի մը չարչարանքի ենթարկուած է, ցոյց կու տայ, թէ սուրիական կառավարութիւնը իր ժողովուրդին ականջ տալով չէ հետաքրքրուած, ուստի անոր կեցուածքին շարունակութիւնը հետզհետէ աւելի անընդունելի կը դառնայ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ «իւրաքանչիւր  անցնող օրուան հետ սուրիական կառավարութեան կեցուածքը ընդունիլը աւելի դժուար կը դառնայ, իսկ սուրիացի ժողովուրդի փոփոխութեան պահանջը` աւելի հզօր»: Ան աւելցուց, որ «այս պատճառով կը շարունակենք վճռակամութեամբ կոչ ուղղել` բռնարարքները դադրեցնելու եւ սկսելու իսկական հոլովոյթի մը, որ կրնայ պահանջուած փոփոխութիւններուն առաջնորդել»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ ֆրանսական ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին իր կարգին սուրիական իշխանութիւններէն պահանջեց համաներումէն ետք իրենց «ընթացքին մէջ աւելի յստակ, աւելի յանդուգն եւ աւելի խոստմնալից փոփոխութիւն մը» կատարել: Ան մտավախութիւն յայտնեց, որ համաներումի քայլը շատ ուշացած է` աւելցնելով, որ «առնուազն հազար, թերեւս ալ աւելի զոհ արձանագրուած է»:

Ժիւփէ խոստովանեցաւ նաեւ, որ Արեւմուտքին համար դժուար է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիան դատապարտող որոշումի մը հասնիլ, «ոչ թէ Արեւմուտքին եւ Եւրոպական Միութեան կամ ամերիկացիներուն տկարութեան պատճառով, այլ Ռուսիոյ վեթոյին պատճառով, մանաւանդ որ վերջինս պատմական պատճառներով Պաշշար Ասատի վարչակարգին նկատմամբ մեր տեսանկիւնէն այլ տեսանկիւն մը ունի»:

Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ասատին դիմաց խուսանաւումի առիթները հետզհետէ կը սպառին: Միւս կողմէ, սուրիական քրտական աղբիւր մը քաթարական «Ռայա» օրաթերթին յայտնեց, որ Սուրիոյ քրտական կուսակցութիւնները քիւրտերուն կոչ ուղղած են ցոյցերուն չմասնակցելու: Նշենք, որ Սուրիոյ քրտական կուսակցութիւնները պոյքոթի ենթարկեցին Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած սուրիական ընդդիմութեան խորհրդաժողովը` նշելով, որ այդ խորհրդաժողովը քրտական ազգային շահերուն չի նպաստեր:

Նշենք, որ սուրիական ընդդիմութիւնը համաներումի քայլը «ուշացած» նկատած էր:

Ասատ երէկ երկխօսութեան սկզբունքները, մեքանիզմը եւ ժամանակացոյց մը ճշդելու յանձնախումբ մը կազմելու որոշում մը հրապարակեց:

 

Share this Article
CATEGORIES