ՍԱՆԱԱՅԻ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԸ Կ՛ԸՆԴԼԱՅՆՈՒԻ
Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ ազդեցիկ Հաշետ ցեղախումբին եւ նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի ուժերուն միջեւ բախումները այս շաբաթ 19 զոհ պատճառեցին, մինչ պայթումները Սանաան ցնցեցին: Բախումները անցեալ շաբաթ 115 զոհ պատճառած էին:
Բուռն բախումներուն ծիրին ընդլայնումով անոնք ներառեցին Հաշետ ցեղախումբի ցեղապետ շէյխ Սատեք Ահմարի բնակարանի եւ ներքին գործոց նախարարութեան շրջանէն զատ այլ շրջաններ եւս: Հաշետ ցեղախումբի զինեալները յաջողեցան տեղական կառավարման նախարարութեան եւ ոստիկանատան մօտ շէնք մը գրաւել: Անոնք նաեւ գրաւեցին Մազպահ թաղամասին մէջ գտնուող ընդհանուր դատախազի գրասենեակը, ինչպէս նաեւ 24 օքթոպըր քառուղիին վրայ գտնուող շէնք մը:
Դիւանագիտական գետնի վրայ, Քուէյթ ապահովական մտավախութեանց պատճառով Սանաայէն հեռացուց իր դիւանագիտական կազմը, իսկ Իտալիա որոշեց ժամանակաւորապէս փակել Եմէնի մէջ իր դեսպանատունն ու իր քաղաքացիները հեռացնել երկրէն:
Միւս կողմէ, Ազատագրութեան հրապարակին դէմ Սալեհի ուժերուն կատարած յարձակումէն եւ արձանագրուած զոհերէն ետք զայրոյթը համակեց ամբողջ Թայեզ նահանգը, ուր բազմամարդ ցոյցեր տեղի ունեցան եւ քաղաքացիական անհնազանդութիւն յայտարարուեցաւ: Սալեհի հաւատարիմ ուժերը քաղաքին բոլոր մուտքերուն անցարգելներ հաստատելով արգելք հանդիսացան, որ ցուցարարները քաղաք մուտք գործեն: