ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿ ՄԸ ԵՒՍ ԹՈՒՆԱՒՈՐՈՒԵԼՈՎ ՄԱՀԱՑԱԾ Է

Մոսկուայի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մահացած է դարձեալ Թուրքիոյ մէջ անորակ խմիչքէ թունաւորուած 1989-ի ծնունդ ռուս զբօսաշրջիկ մը:

Նախապէս երկու ռուս զբօսաշրջիկներ մահացած էին Թուրքիոյ հիւանդանոցներուն մէջ, իսկ 70 ուրիշներ դարմանումի կ՛ենթարկուին: Թուրքիոյ մէջ ոգելից ըմպելիէ զանգուածային թունաւորումը տեղի ունեցած է զբօսանաւի մը վրայ տեղի ունեցած երեկոյթներէն մէկուն ընթացքին:

Զբօսանաւուն սեփականատէրը ձերբակալուած է: Քննիչները այժմ կը փորձեն բացայայտել, թէ այդ անորակ ոգելից ըմպելին զբօսանաւուն վրայ ինչպէ՛ս յայտնուած է:

Share this Article
CATEGORIES