Նշմար. Ի՛նչ Տեսակի Կուրութիւն…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Զիմըրման եւ իր պաշտպան փաստաբանը

Ծանօթ խօսք է. «Արդարութիւնը կոյր է«:

Ֆլորիտայի մէջ արդարութեան ատեան մը, իր դատակազմով միասին, այս խօսքը բառացիօրէն կիրարկեց 13 յուլիսին` փոթորիկ յառաջացնելով ամերիկեան ընկերութեան մէջ, արձագանգները տարածելով մինչեւ պետական շրջանակներ:

Աւելի քան տարի մը առաջ, 2012-ի փետրուարի վերջերուն, Ճորճ Զիմըրման անունով ինքնակոչ, կամաւոր ու զինեալ պահակ մը Թրէյվոն Մարթին անունով 17-ամեայ սեւամորթ պատանի մը սպաննեց. նախ` ոստիկանութեան կողմէ հարցաքննուելէ ետք տուն ղրկուեցաւ անպարտ, յետոյ, բողոքի ալիքներու դիմաց, ան ամբաստանուեցաւ իբրեւ մարդասպան եւ դատուեցաւ: Յունիս 10-ին սկսած դատավարութիւնը շնչասպառ ըրաւ հարցի զարգացման հետեւողները, մանաւանդ` այն հաւաքականութիւնները, որոնք իրենք զիրենք կը նկատեն խտրականութեան, արդարադատութեան սխալ կիրարկման զոհերը (պատմութիւնը հարուստ է ու ծանօթ, Մարթին Լութըր Քինկի շարժումն ու արդիւնքներն ալ ծանօթ են): Եւ ահա, շուրջ 6 շաբաթ տեւած դատավարութենէ ետք, մարդասպանը դարձեալ անպարտ հռչակուեցաւ ու ազատ արձակուեցաւ: Դատակազմը իր քննարկումներուն մէջ հասած է այն եզրակացութեան, որ ան ինքնապաշտպանութեան համար սպաննած է պատանին:

Քիչ մը` մանրամասնութիւն (մամուլը բեռնաւորուած է բոլոր մանրամասնութիւններով): Երեկոյ մը, սեւամորթ պատանին նպարավաճառէ մը քանի մը կտոր ուտելիք-խմելիքով բեռնաւորուած, կը յառաջանայ դէպի իր իջեւանը` քալելով «ապահովութեան պատնէշ»-ով շրջապատուած բնակավայրի մը փողոցներէն: Զիմըրման, բնակավայրի ապահովութեան հսկող կամաւոր պահակ մը, կասկածելով` կը հետեւի անոր, կը հեռաձայնէ եւ ոստիկանութեան կը հաղորդէ իր կասկածները, սակայն մինչեւ անոնց հասնիլը, վէճի կը բռնուի Թրէյվոնի հետ, որ անզէն էր. կ՛ըսուի, թէ պատանին յարձակած է Զիմըրմանի վրայ ու վիրաւորած է զայն. նախ ինքնաշարժով, յետոյ հետիոտն հետապնդած է անզէն պատանին ու ընդհարումի պահուն իր ատրճանակով կրակած է «կասկածելիին» վրայ ու սպաննած է զայն:

Եւ ահա, դատակազմը անպարտ կը հռչակէ մարդասպանը` ընդունելով անզէն պատանիի մը դէմ ինքնապաշտպանութեան դիմած ըլլալու անոր բացատրութիւնը: Դատարանը բնականաբար չի կրնար իմանալ պատանիին տեսակէտը, որովհետեւ ան… արդէն մեռած է, անոր «պաշտպանողականը», կամ` դէպքին մանրամասնութւինները մասամբ հետը գերեզման իջած են…

Մարթին

Եթէ մինչեւ իսկ սպաննեալը յանցանքի մեծ կամ փոքր բաժին ունեցած է, պէ՞տք է արհամարհել ու կոյր ձեւանալ սա աղաղակող իրականութեանց դէմ. Թրէյվոն Մարթին ինք չէ եղած հետապնդող, այլ կասկածի մը պատճառով (որքա՞ն հիմնաւորեալ) հետապնդեալն է: Ան անզէն եղած է եւ նուազագոյն կասկածը չկայ, թէ ան մահացու գործիքով մը սպառնացած է հետապնդողին կեանքին: Վերջապէս, սպաննուող մը կայ, եւ սպաննող մը. սա սպաննողը յանցանքի որեւէ բաժին չունի՞ արդեօք…

Ստեղծուած աղմուկը առաւելաբար «կը շրջագայի» ցեղային խտրականութեան ոլորտին մէջ, մինչդեռ հարցին էութիւնը անկէ անդին է: Ըսինք` կայ սպաննեալ մը եւ սպաննող մը. ինքնակոչ, կամաւոր պահակը արդեօք ինքնապաշտպանութեան համար չէ՞ր կրնան բաւարարուիլ «յարձակողը» վիրաւորելով, կամ` սպասել ոստիկանութեան ժամանումին, որովհետեւ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ պատանին անուղղայ կամ սպառնական որեւէ արարքի մէջ չէր, անոր գլխաւոր յանցանքը գլխանոցով վերարկուի մը մէջ «ապաստանած» ըլլալն էր ու կասկած յառաջացնող պտոյտները:

Հարցումներու շարքը կարելի է երկարել. արդեօք մենք մեր թաղերուն մէջ յաճախ չե՞նք հանդիպիր կասկած յառաջացնող պատանիներու կամ աղմկայարոյց երիտասարդներու, երբեմն չե՞նք դիմեր ոստիկանութեան միջամտութեան… Այսուհետեւ, պէտք է զէնքը քաշել ու սպաննե՞լ ոեւէ կասկածելի՞:

«Արդարութիւնը կոյր է», կ՛ըսենք: Եւ` ինչպիսի՜ կուրութիւն, որուն կ՛ընկերանայ… ուղեղներու խլութիւն:

Փողոցը խլրտումներ կ՛ապրի: Նախագահէն սկսեալ, մինչեւ արդարութեան նախարարութիւնն ու այլ պատասխանատուներ ուղղակի կամ անուղղակի կոչեր կ՛ընեն հանդարտութեան, կը հաւաստեն, որ հարցը չէ փակուած, պէտք է վստահիլ արդարութեան:

Պայմանաւ որ արդարութիւնը կոյր ու խուլ չմնայ, ոչ ալ ըլլայ միականի, այլ մարդասպանին ալ բաշխէ յանցանքի ի՛ր բաժինը: Չէ՞ որ շա՛տ աւելի փոքր յանցանքներ գործողներ բանտարկութեան կը դատապարտուին…

14 յուլիս

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )