Միջազգային Կարճ Լուրեր

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ` յղում կատարելով Իրանի քարիւղի նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Պաղտատի մէջ համաձայնագիր ստորագրուած է Իրանէն Իրաք կազի արտահանման մասին` 3.7 միլիառ տոլար արժողութեամբ: Արտահանման մասին համաձայնագիրը ստորագրուած է Իրանի քարիւղի նախարար Ռուստամ Ղասեմիի եւ անոր իրաքցի գործընկեր Քարիմ Լուայիպիի կողմէ: Ըստ համաձայնութեան, Իրանի Իլամ նահանգէն կազի խողովակաշարի միջոցով իրաքեան ելեկտրականութեան կայաններուն պիտի մատակարարուի օրական 25 միլիոն խորանարդ մեթր բնական կազ, աղբիւրը կը մէջբերէ Իրանի քարիւղի փոխնախարարի յայտարարութիւնը:

«ԱՌ. ՊԻ. ՍԻ. ՌՈՒ.» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իրանի տնտեսութեան փոխնախարար Պեհրուզ Ալիշիրի յայտարարած է, որ 18 յուլիս 2013-ին Միջազգային դրամատան կողմէ հրապարակուած այն տեղեկատուութիւնը, որ Իրանը վերջին կէս տարուան ընթացքին վարկային վճարումներ չէ կատարած, ճիշդ չէ:

Ըստ անոր, Թեհրան բոլոր վճարումները կը կատարէ ժամանակին, սակայն իրանեան դրամատուներուն հետ աշխատող ելեւմտական հաստատութիւններու նկատմամբ կիրարկուող միջազգային արգելքներուն պատճառով միջնորդ դրամատունը կ՛ուշացնէ վճարումները: Միջազգային դրամատան հաղորդումով, Իրանը դրամատան պարտք է 697 միլիոն տոլար, որոնցմէ 79 միլիոնը չվճարուած պարտքն է: Այս հաղորդագրութիւնը կը նշանակէ, որ Իրան այլեւս չի կրնար ներառուիլ Միջազգային դրամատան ֆինանսաւորման հերթական ծրագիրին մէջ, կը նշէ աղբիւրը:

Share this Article
CATEGORIES