«Եգիպտոս Երկրորդ Սուրիա Մը Պիտի Չըլլայ, Եւ Ան, Որ Հարցերը Այդ Ուղղութեամբ Կը Մղէ, Դաւաճան Է» Կ՛ըսէ Մուսլումանի

Եգիպտոսի նախագահական բանբեր Ահմետ Մուսլումանի յայտնեց, որ «Եգիպտոս երկրորդ Սուրիա մը պիտի չըլլայ, եւ ան, որ հարցերը այդ ուղղութեամբ կը մղէ, դաւաճան է եւ գործակալ»:

Ան նշեց, որ անոնք, որոնք յեղափոխութեան ու պետութեան իրականութիւնները խեղաթիւրելու համար օտար լրատուամիջոցներու ետեւէն վազելով շնչահեղձ կ՛ըլլան եւ արեւմտեան մայրաքաղաքներու ետեւէն կը վազեն, միայն ամօթ եւ վարկաբեկում պիտի ժառանգեն:

Մինչ այդ, Ազգային փրկութեան ճակատը ներքին գործոց նախարարութենէն եւ ապահովական ուժերէն պահանջեց խաղաղ ցուցարարները պաշտպանելու եւ տարբեր տեսակի զէնքեր օգտագործելով անոնց դէմ յարձակում գործողները զսպելու միջոցառումներ որդեգրել: Ճակատը դատապարտեց Իսլամ եղբայրներու համակիրներուն կողմէ Թահրիր հրապարակին վրայ, Աղեքսանդրիոյ եւ Քայլուպիայի մէջ խաղաղ ցուցարարներուն դէմ կատարուած յարձակումները:

Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Մուրսիի համակիրներուն եւ հակառակորդներուն միջեւ երկուշաբթի գիշեր տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով 9 զոհ եւ 86 վիրաւոր արձանագրուած է:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի երէկ եգիպտացի իր պաշտօնակից Նեպիլ Ֆահմիի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեց երկու երկիրներու երկկողմանի յարաբերութեանց եւ Եգիպտոսի կացութեան վերաբերող հարցեր:

Սալեհի յայտնեց, որ ինք վստահ է, թէ եգիպտացի ժողովուրդը դուրս պիտի գայ ներկայ տագնապէն, որովհետեւ քաղաքական իմաստութեան տէր է եւ բաւարար գիտակցութիւն ունի: Ան յոյս յայտնեց, որ բոլոր կողմերը եւ եգիպտական քաղաքական վերնախաւի անդամները միասնական կեցուածք որդեգրեն եւ ամրապնդեն եգիպտացիներու ազգային միասնութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES