Մինչ Քիւրտերը Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Կը Պատրաստուին. Պարզանի Երկխօսութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

Էրպիլի մէջ քիւրտ ղեկավարներու հանդիպումէն պահ մը

Մինչ քիւրտերը յառաջիկայ ամիս Էրպիլի մէջ քրտական ազգային ընդհանուր ժողովի մը կը պատրաստուին, հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի յայտնեց, որ երկխօսութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը «ներկայ ժամանակաշրջանին» քիւրտ ժողովուրդի ոտքի կանգնելուն միակ ուղիներն է:

Ան երկուշաբթի օր Միջին Արեւելքի մէջ քրտական քաղաքական եւ մարտական ղեկավարները Էրպիլ հրաւիրեց` յառաջիկայ ամիս նախատեսուած քրտական ընդհանուր ժողովին օրակարգը պատրաստելու համար: Պարզանիի ղեկավարութեամբ խորհրդաժողովին նպատակն է Սուրիոյ մէջ (ուր քիւրտերը կը պատրաստուին ինքնավարութիւն յայտարարելու) մարտահրաւէրները դիմակայելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ հաշտութեան հոլովոյթը քննարկել:

Ըստ իրաքեան «Ռուտաու» օրաթերթին, Պարզանիի ուղղած հրաւէրին վրայ գրուած է. «Իմ, Քրտական հայրենասիրական միութեան ղեկավար Ժալալ Թալապանիի եւ Ապտիւլլա Օճալանի անունով ձեզմէ կը խնդրեմ ձեր բարձրաստիճան պատուիրակութիւնները ուղարկել` մասնակցելու համար քրտական ազգային խորհրդաժողովին»:

Օրաթերթը կը յայտնէ, որ Պարզանի Թուրքիայէն, Իրանէն, Սուրիայէն եւ Իրաքէն քրտական 39 քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպում ունեցած է եւ անոնց յայտնած, որ իրենց նպատակը քրտական խմբաւորումներուն միջեւ երկխօսութիւն, խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն ջատագովելն է, ինչպէս նաեւ «ապահովել, որ Քիւրտիստանի չորս բաժիններուն մէջ ալ քիւրտ ժողովուրդի կամքը յարգուի»:

Երկուշաբթի օր տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Պարզանի յայտնած է, որ քիւրտերը կ՛ուզեն շրջանին մէջ խաղաղութիւնը վերականգնել եւ ժողովրդավարութիւն հաստատել, իսկ զէնքերը չեն կրնար այդ նպատակները իրագործել: «Մեր ուզածը խաղաղութիւնն է», ընդգծած է ան` աւելցնելով, որ քիւրտերուն ազատութիւնը կախեալ է խաղաղութենէն ու շրջանի տնտեսութեան բարելաւումէն եւ ոչ թէ պատերազմէն, յարձակումներէն եւ «մեր դրացիներուն» ուղղուած սպառնալիքներէն:

Ան յայտարարեց «նոր ժամանակաշրջան» մը, որուն ընթացքին «ամէնէն ուժեղ զէնքերը» երկխօսութեան լեզուն, խաղաղութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը պիտի ըլլան: Պարզանի նշեց, որ զինեալ պայքարը միայն ուրիշներու կողմէ քիւրտերուն պարտադրուած է, եւ «այս նոր ժամանակաշրջանին մէջ ոչ ոք կրնայ զէնքով քիւրտերուն դէմ կանգնիլ»: «Շրջանային երկիրներուն եւ ուժերուն հասկնալի դարձաւ այն իրողութիւնը, թէ քիւրտերու բնաջնջումը անոնց երազին մէջ տեղի պիտի չունենայ», ընդգծեց ան:

«Ռուտաու» օրաթերթը հաղորդեց, որ իրաքեան Քիւրտիստանի ընդդիմադիր ղեկավարները ողջունած են Պարզանիի նախաձեռնութիւնը եւ խոստացած խորհրդաժողովին ներկայ գտնուիլ, հակառակ Պարզանիի հետ անոնց ունեցած քաղաքական լուրջ տարակարծութեան:

Միւս կողմէ, Սուրիացի քիւրտերու ազգային նախաձեռնութիւն կազմակերպութեան քարտուղար եւ խորհրդարանի անդամ Օմար Ուսի յայտնեց, որ լրատուամիջոցներուն կողմէ հաղորդուած այն լուրը, թէ քիւրտերը մտադիր են հիւսիսային Սուրիոյ Ժազիրա շրջանին մէջ իրենց սեփական կառավարութիւնը յայտարարել, «սխալ սպրդումներ» են:

Ան նշեց, որ Քրտական ժողովրդային զինեալ կոմիտէն եւ ժողովրդային պաշտպանութեան խմբաւորումները պետական հաստատութեանց ձգած բացը լեցուցին, անոնք բնակչութեան օժանդակութիւն կը բաժնեն, իսկ Սուրիոյ մէջ քրտական հարցը Իրաքի քրտական շրջանէն տարբեր է, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ շրջանը տարբեր է:

Ուսի աւելցուց, որ «Թուրքիա Սուրիոյ դէմ բացայայտ յարձակում մը կը գործէ, սակայն անկանոն բանակի ճամբով, եւ ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերը կրցան Ռասուլ Այն գիւղը ձերբազատել Ժապհաթ Նուսրայէն եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն»:

Ան ըսաւ, որ Թուրքիա պիտի չկարենայ քրտական պատուարը ճեղքել, «եւ մենք զանոնք ետ մղել կրնանք»` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ պետութեան եւ քրտական զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ համակարգում գոյութիւն չունի, իսկ Թուրքիա հիւսիսային Սուրիոյ քրտական շրջաններուն դէմ պատերազմ շղթայազերծելու կարողութիւնը չունի, ան պիտի չկարենայ այդ քայլին դիմել: Թուրքիա կրնայ միայն Ժապհաթ Նուսրայի եւ այլ կազմակերպութեանց օժանդակութիւն տրամադրել»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES