Իպրահիմի Տակաւին Կը Ջանայ Սուրիոյ Մէջ Կռիւները Կասեցնել

Լախտար Իպրահիմի

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ կռիւները կասեցնելու խորհրդաժողովին գումարման շուրջ աշխատանք կը տանի: Ան Ուաշինկթընի մէջ «Քառնըկի ինտաումընթ ֆոր ինթըրնեշընըլ փիս» հիմնարկի ժողովին ծիրին մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ «երկու տարիէ ի վեր իրարու դէմ կռուող անձերը այսպիսի խորհրդաժողովի մը կախարդական գաւազանով մը բերելը շատ դժուար է: Այդ հարցը ժամանակի պիտի կարօտի, սակայն կը յուսամ, որ (ժողովը) տեղի ունենայ»:

Իպրահիմի ըսաւ, որ «ՄԱԿ յստակօրէն յայտնեց, որ կ՛ուզէ, որ (Սուրիոյ մէջ) շահեր կամ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր երկիրները, ներառեալ` Իրանը, ներկայ գտնուին խորհրդաժողովին»:

Մինչ Ուաշինկթընի մէջ սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու հարցին շուրջ վէճ տեղի կ՛ունենայ, Իպրահիմի ըսաւ, որ «ՄԱԿ-ի կեցուածքը շատ յստակ է»` աւելցնելով, որ «զէնքերը խաղաղութիւն չեն հաստատեր: Կը մաղթենք, որ բոլոր կողմերու զէնքի մատակարարումը դադրի»:

Անդրադառնալով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի` փոխանցման կառավարութեան մասնակցութեան կարելիութեան` Իպրահիմի ընդգծեց, որ «Սուրիոյ կամ որեւէ այլ վայրի մէջ գեղեցկագիտական փոփոխութեան ժամանակաշրջանը անցաւ եւ մարդիկ ներկայիս իրենց հասարակութեանց մէջ խորքային փոփոխութիւններ կ՛ուզեն»:

Խօսելով այն տեսակէտին մասին, որ Ասատ առաւելութիւն ձեռք կը բերէ, ան ըսաւ, որ «մարդոց մեծամասնութիւնը նոյեմբերին համոզուած էին, որ վարչակարգը պարտուեցաւ: Կը կարծեմ, որ ատիկա ճիշդ չէր»` աւելցնելով, որ «շատեր կ՛ըսեն, որ վարչակարգը կը յաղթէ: Վարչակարգը անցեալ տարուան նոյեմբերէն աւելի լաւ աշխատանք կը տանի եւ ատիկա ճիշդ է, սակայն այսպիսի պարագաներու յաղթանակն ու յառաջդիմութիւնը տարբեր բաներ են»:

Միւս կողմէ, ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մարթին Տեմփսի յայտնեց, որ «ամերիկեան ուժերը սուրիական ընդդիմութեան զինեալներուն օժանդակելու շարք մը առաքելութիւններ կրնան կատարել, եթէ Սպիտակ տունը իրենցմէ ատիկա պահանջէ»` աւելցնելով, որ անոնք կրնան մարզել, թռիչքներու արգիլեալ գօտի հաստատել կամ զինուորական թիրախներու դէմ սահմանափակ յարձակումներ կատարել:

Ան նշեց, որ ամերիկեան վարչակազմը տակաւին սուրիական քաղաքացիական պատերազմին հարցով որդեգրուելիք քայլերը կը քննարկէ:

Զօր. Տեմփսի ըսաւ, որ ամերիկեան ուժերը պատրաստ են հետեւեալ յաւելեալ օժանդակութիւնը տրամադրելու. ընդդիմութեան խորհուրդ եւ աջակցութիւն տալ ու մարզել, հեռուէն սահմանափակ յարձակումներ գործել, ինչպէս` հակաօդային պաշտպանութեան համակարգին եւ ղեկավարութեան դէմ ռմբաձիգներով կամ հրթիռներով յարձակումներ, թռիչքներու արգիլեալ գօտի հաստատել, ապահովական գօտի հաստատել, ինչպէս նաեւ քիմիական զէնքերը իրենց վերահսկողութեան տակ առնել:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան տեղեկահաւաքի յանձնախումբի նախագահ Մայք Ռաճըրզ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ նախագահ Պարաք Օպամա կրնայ սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու հարցին մէջ յառաջ շարժիլ, որովհետեւ Քոնկրեսի կարգ մը անդամներուն մտավախութիւնները մեղմացած են:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )