Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԺԱՊՀԱԹ Նուսրայի ղեկավար Ապու Մոհամետ Ժուլանի յայտնեց, որ Հըզպալլայի կողմէ Լիբանանի սիւննի համայնքը թիրախ դարձնելու օրերը աւարտած են:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Պիր Ապըտի մէջ ականահարումը կատարած կողմերուն ինքնութիւնը յստակ է, եւ անոնք պաղեստինեան գաղթակայանի մը մէջ կը գտնուին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն Հըզպալլայի հետ նոյն կառավարութեան կազմին մէջ ըլլալ` աւելցնելով, որ իրենք մտահոգ են բանակին հրամանատարութեան մէջ արձանագրուելիք դատարկութեան առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի մէջ չէզոք կառավարութեան մը կազմութիւնը` դիմադրել կարենալու համար Եւրոպական Միութեան որոշումներուն ունենալիք հետեւանքներուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան որոշումը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ներքին լիբանանեան յարաբերութիւններուն վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ Հըզպալլայի դէմ տրուած որոշումը Հըզպալլայի գործած բացայայտ դաւադրութիւններուն պատճառով տրուած է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի աղբիւրներ հաստատած են, որ Եւրոպական Միութեան որոշումը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Սուրիոյ կռիւին մասնակցելու Հըզպալլայի պատրաստակամութեան վրայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Հըզպալլա եւ ուրիշը անհաւատ նկատող կողմերը մէկ դրամին երկու երեսներն են:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ Հըզպալլայի դէմ տրուած որոշումը երկրին մէջ տիրող պայմաններէն եւ տարազէն ոչինչ պիտի փոխէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ խստիւ դատապարտեց Հըզպալլայի դէմ Եւրոպական Միութեան տուած որոշումը եւ կոչ ուղղեց կազմելու քաղաքական ուժերը ներկայացնող անձնաւորութիւններու սեղմ կառավարութիւն մը:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութիւնը դատապարտեց Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատող Եւրոպական Միութեան որոշումը` շեշտելով, որ այդ որոշումը գրուած է իսրայէլեան ձեռքերով եւ խոր ատելութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )