Էօզեըլտըզ. «Թուրքիա Յանձնառու Է Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ազատ Արձակումին»

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ այցելեց Սայտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հետ:

Մաժտալիունի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Էօզեըլտըզ յայտնեց, որ թրքական իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին համար:

Ան նշեց, որ այս իմաստով բանակցութիւնները կը շարունակուին նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:

Պատասխանելով Հըզպալլայի դէմ Եւրոպական Միութեան տուած որոշումին մասին հարցումի մը` Էօզեըլտըզ նշեց, որ իրենք Լիբանանի եւ Հըզպալլայի հետ յարաբերութիւններ ունին, եւ կը նախընտրէ այդ որոշումին մասին մեկնաբանութիւններ չկատարել:

Թուրք դեսպանը յայտնեց, որ ինք մտավախութիւններ չունի, թէ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին պատճառով հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող թրքական զօրամասը թիրախ կրնայ դառնալ: «Կը մաղթենք, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները ըմբռնեն, թէ Թուրքիա յանձնառու է առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին», եզրափակեց ան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )