Հարիրի Կը Փափաքի Վերադառնալ Լիբանան

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին Ռիատի մէջ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթի ու Նուհատ Մաշնուքի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը փափաքի Լիբանան վերադառնալ` մասնակցելու համար Ազգային երկխօսութեան նիստին:

Հետեւաբար, անոր հետ հանդիպող անձնաւորութիւնները հաստատեցին, որ Հարիրիի վերադարձը շատ հաւանական է:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքին վերաբերող ներքին հարցեր:

Նոյն աղբիւրները յայտնեցին, որ Հարիրի տակաւին վերջնական որոշում մը չէ տուած վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու առումով:

Միւս կողմէ, այլ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ եւ անոր փոխանցած, թէ ինք կը մերժէ Ֆիթրի տօնէն առաջ կառավարութեան մը կազմութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )