Ժոմպլաթ Սէուտական Արաբիան Տեղեակ Պահեց Լիբանանեան Կառավարութեան Մէջ Հըզպալլան Չներառելու Վտանգներուն Մասին
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթին մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ժոմպլաթ Սէուտական Արաբիա այցելած է եւ տեղեակ պահած սէուտական ղեկավարութիւնը` Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ Հըզպալլան չներառելու վտանգներուն մասին:
Նոյն աղբիւրները յայտնեցին, որ Ժոմպլաթ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին նաեւ տեղեակ պահած է այդ մասին, սակայն շշմած է այդ առնչութեամբ սէուտական խիստ վերապահութենէն:
CATEGORIES Լիբանանեան