Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան Պատուիրակութիւնը` Արցախի Մէջ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 19 յուլիսին ընդունեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը:
Հանդիպման ընթացքին, որուն ներկայ եղած է Արցախի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան, քննարկուեցան բանակաշինութեան եւ այդ մարզին մէջ երկու հայկական պետութիւններուն համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուեցաւ ընդլայնուած կազմով` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութեան մասնակցութեամբ:
Քննարկուած հարցերու շարքին առանձնակի ուշադրութիւն դարձուեցաւ բանակի պարենային եւ իրային ապահովման, համայնական շինարարութեան հիմնախնդիրներուն:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց այս ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն նոր որակ հաղորդելու եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներ մշակելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ այսպիսի մօտեցում լուրջ խթան պիտի հանդիսանայ ամբողջ պետութեան տնտեսական զարգացման եւ երկրի ներուժին արդիւնաւէտ օգտագործման համար:
Հանդիպման մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: