«Նայիրիտ» Գործարանի Աշխատակիցները Կը Բողոքեն Նախագահական Նստավայրին Առջեւ

«Նայիրիտ» գործարանի աշխատակիցները երէկ բողոքի ցոյց կատարեցին Հայաստանի նախագահի նստավայրին դիմաց` պահանջելով վճարել իրենց աշխատավարձը:

Երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-էն  (Երեւանի ժամանակացոյցով) քալելով «Նայիրիտ» գործարանին մօտէն նախագահական նստավայր հասած ցուցարարները կը պնդէին, որ հակառակ ուժանիւթի նախարար Արմէն Մովսիսեանի խոստումին, որ մինչեւ 19 յուլիս աշխատավարձերը կը վճարուին, ատիկա տեղի չէ ունեցած:

Նախագահի աշխատակազմի վերահսկողութեան ծառայութենէն «Նայիրիտ»-ի արհեստակցական միութեան ղեկավար Հրաչ Թադեւոսեանին յայտնեցին, որ մինչեւ յուլիսի աւարտը գործարանի աշխատակիցները պիտի ստանան ամսուան մը աշխատավարձերը, իսկ մինչեւ միւս ամսուան աւարտը անոնց պիտի վճարուի եւս ամսուան մը աշխատավարձ: Այս տեղեկութիւնը վրդովեցուց ցուցարարները: Անոնք կը պնդէին, թէ ասիկա հերթական խաբէութիւն է:

Տարակարծութիւններու իբրեւ արդիւնք ցուցարարներէն մաս մը որոշեց բողոքի ցոյցը շարունակել կառավարութեան շէնքին մօտ, ոմանք ալ կը պնդէին, որ պէտք է նստացոյց ընէին նախագահական նստավայրին առջեւ: Անոնք փորձեցին փակել Բաղրամեան պողոտան, սակայն, տեղի տալով ոստիկաններու յորդորներուն, ցուցարարները որոշեցին երէկ դադրեցնել բողոքի ցոյցը եւ շարունակել զայն վաղը` «Նայիրիտ» գործարանին դիմաց:

 

Share this Article
CATEGORIES