Իպրահիմովիչ. «Նոր Տարեշրջանին Մեր Հիմնական Մրցակիցը Պիտի Ըլլայ Մոնաքոն»
Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն խումբի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ ըսաւ, թէ ֆրանսական «Լիկ 1»-ի նոր տարեշրջանին Մոնաքոն պիտի դառնայ Փարիզ Սեն Ժերմենի հիմնական մրցակիցը` տիտղոսին տիրանալու համար:
Ան աւելցուց, որ Մոնաքոն շատ լաւ խաղացողներ միացուց իր կազմին եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի նման սկսաւ իր խումբը կազմելու ու զօրացնելու:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նք, թէ՞ Ռատամէլ Ֆալքաոն աւելի լաւ խաղացող է, ան ըսաւ, որ ուրիշները թող որոշեն ատիկա, եւ աւելցուց, որ խումբին նուաճումները շատ աւելի կարեւոր կը նկատէ, քան անձնական տիտղոսներն ու փառքը:
CATEGORIES Մարզական


