Մեր Սարերը… (Արցախեան գոյապայքարին)

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ

Երբ մանուկ էի,
Ականջներուս մէջ հնչեց բառ մը հայոգի`
Արմատներու կանչ մը լուսապայծառ,
Սարերու երգը յաղթապանծ,
Հովիւին սրինգը մեղմավառ…

Եւ դարձայ պատանի:
Դարձեալ միեւնոյն կանչով առաջնորդուեցան քայլերս`
Դէպի արեւը հայրենիքի,
Հորիզոնը յաղթանակի:

Հերոսածին ժողովուրդը
Դրոշմեց
«Արցախ» անունը ամեհի:

Կեանքի կոչուեցան պատմութեան կարգ մը էջեր`
Վարդաններու արեամբ կերտուած,
Թուր կեծակիով առասպելացած,
Հերոսամարտներով ճառագայթած,
Պահանջատիրութեամբ խոյացած,
Եւ վերջապէս`
Յաղթանակով պսակուած…

Եւ ես ձեռքիս մէջ պահեցի
Աղօթք մը հին`
Նրան հատիկներուն պէս ուռճացած,
Ձեռարուեստով նրբացած,
Խաչքարով յագեցած…

Բնութեան զարթօնքին ընդմէջէն,
Մկաններուս ջլաձիգ պրկումով`
Քայլերս ուղղեցի Շուշի,
Ու կանգ առի Ղազանչեցոց սրբութեան առաջ…

Աստուածային հրաշքով ոգեղինացած այս կառոյցը
Թող ամրապնդէ՛ հաւատքը ժողովուրդին,
Պաշտպանէ՛ զայն պղծող ձեռքերէն,
Շանթէ՛ մեր սահմաններէն ներս սողոսկող թշնամին
Եւ օրհնէ՛ մանկան ամէն ճիչ,
Որ կը սպասէ միւռոնի իր պսակին…

Կը շարունակեմ քալել:
Զիս հիւրընկալող մայթերու վրայ,
Բազմաթիւ անցորդներու երեսին`
Միեւնոյն հայեացքը կը նշմարեմ.
Վիհեր ու անդունդներ,
Սակայն`
Արշալոյսով ճառագայթող:

«Հրաշալի յարութիւնը»,- ինչպէս կարելի է ըսել,-
ՀԱ՛Յ անունը կրողին.
Պարտութեան առջեւ երբե՛ք չխոնարհելու, չընկրկելու,
Այլ`
Պարտութիւնը յաղթանակով աւարտելու վճռակամութեամբ:

Մենք դարձանք բռունցքը հայ զինուորին,
Կանչը մեր հողին,
Կարօտն ու յոյսը մամիկին…

Ու պայքարեցանք,
Ինչպէս վայել է հերոսին,
Որ «Ազատութիւն կամ մահ» գոռալով
Կը սլանայ դէպի թշնամին:

Կը մխար հայրենի մեր օճախը,
Եւ սեւ ամպեր կը ծածկէին երկինքը.
Կը սգար ժողովուրդը իր զաւակներու կորուստով:

Անդին կը ծնէին երեխաներ,
Կրելու համար անմահներու անուններ`
Մերուժան, Կարօտ, Վիգէն,
Բեկոր, Շահէն, Մհեր
Եւ դեռ շատ ուրիշներ,
Որոնք կու գան`
Անկատար երազներու շարունակութիւնը ըլլալու
Աստիճանական եռագոյն դրօշը մշտապէս երկինք պարզելու
Եւ աննուաճ պահելու խնդութեամբ:

Պատրաստ է արիւնարբու թշնամին,
Որ դէմ յանդիման կու գայ մեր տղոց,
եթէ փորձէ խախտել որեւէ միջոց…

Ռազմադաշտը կը թնդայ հայ քաջերու մռնչիւնով.
Հազարին դէմ միայն մէկը բաւարար կը դառնայ թարմացնելու համար հայուն աննկուն կամքը եւ պայքարող ոգին:
Որեւէ սուրի ընդառաջ յաւերժութեան պահպանիչով կ՛արձագանգէ հայ հերոսի յիշատակը:
Ու յաղթապանծ լեռներէն հետեւեալը կը գոռան վրէժի ու յաւերժութեան նշանաբանը կրող «Մեր սարերը».
«Ապրի՛ հայոց աշխարհը.
«Ապրի՛ լոյսէ կամարակապ ծիածանով.
«Ապրի՛ յաւերժօրէն.
«Ապրի՛ եռագոյն իր տարածքով…»:

Յունիս 2013
Այնճար

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )