Համալսարանի Վկայականը Պարզապէս Դուռ Կը Բանայ Առիթներու, Անկէ Ետք Դուն Պիտի Որոշես, Թէ Ո՛ւր Պիտի Հասնիս Եւ Ինչպէ՛ս» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Սարգիս Եողուրթճեան
Հարցազրոյցը վարեց ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական դրամատան կառավարիչներու խորհուրդի անդամ, Միջազգային դրամատան, Միջազգային դրամական ֆոնտի եւ Միջազգային կարգաւորման դրամատան («Պի. Այ. Էս.» Պազըլ) խորհրդատու եւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճորճ Ու. Պուշի կողմէ «ՄԵՆԱ ֆայնենշըլ ռեկիւլէյթըրզ ինիշիաթիվ»-ի ատենապետ նշանակուած լիբանանահայ Սարգիս Եողուրթճեան վերջերս Լիբանան տուած իր այցելութեան ծիրին մէջ այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան եւ խմբագրութեան հետ: Այս առիթով անոր հետ կատարեցինք հետեւեալ հարցազրոյցը:
«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ էր Լիբանան այցելութեան ձեր նպատակը եւ ինչպէ՞ս ընթացան աշխատանքները:
ՍԱՐԳԻՍ ԵՈՂՈՒՐԹՃԵԱՆ.- Հրաւիրուած էի Լիբանան` Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեանի կողմէ, մասնակցելու Հայկազեան համալսարանի աւարտական հանդէսին որ վկայականաց բաշխման հանդիսութեան: Ամէն բան լաւ ընթացաւ, շատ լաւ կազմակերպուած հանդէս մըն էր: Յատկանշական էր, որ բոլոր շրջանաւարտներն ալ` իսլամ, քրիստոնեայ, թէ հայ, ունին Հայկազեան ոգին, հպարտութիւնը, սէրը` այս համալսարանին նկատմամբ, եւ ասիկա մեծ պատիւ է մեզի համար: Այո՛, սփիւռքի միակ համալսարանն է, բայց իր մակարդակին շնորհիւ է, որ կը վայելէ իր ուսանողներուն սէրն ու յարգանքը: Համալսարանի նախագահ վերապատուելի տոքթ. Փոլ Հայտոսթեանը այս իմաստով մեծ աշխատանք տարած է իր ուսանողներուն մօտ համալսարանի ոգին բարձր պահելու համար:
«Ա.».- Պուրճ Համուտէն Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական դրամատուն, շատերու համար նման բարձունքներ նուաճելը երազային կը թուի, բայց դուք կրցաք իրականացնել: Տարիներ վերջ, երբ վերադարձաք, ի՞նչ փոփոխութիւն նկատեցիք:
Ս. Ե.- Երկար տարիներ ետք առաջին անգամ վերադարձայ Լիբանան 16 տարի առաջ, իմ մէջս շատ բան չէր փոխուած, խանդավառ էի, որ պիտի վերադառնամ իմ ծննդավայրս` Պ. Համուտ եւ պիտի տեսնեմ հարազատներս, դրացիներս ու բարեկամներս: Բայց ժողովուրդը փոխուած գտայ: Մեր օրերուն, երբ աղքատութիւն կար, շատ աւելի հարազատութիւն կար, շատ աւելի մտերմութիւն, քան` հիմա. մարդիկ կարծէք աւելի անձնասէր դարձած են, գոռոզ, օտարամոլ, նուազ հայրենասէր: Այս երեւոյթին լուծումը մեր ղեկավարութեան ձեռքն է, իրենք պէտք է վառ պահեն հայու ոգին, այդ կրակը, որովհետեւ լիբանանահայութիւնը սփիւռքի կարեւորագոյն գաղութն է, հոս է Հայկազեան համալսարանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, հոս ունինք բարձրաստիճան ղեկավարներ, նախարարաներն ու երեսփոխանները, Կեդրոնական դրամատան փոխ կառավարիչ, բայց հայրենասիրութիւնը տկարացած է իրարու օգնելու պատրաստակամութիւնը չկայ:
Կը նկատեմ, որ այն մարդը, որ կը հասնի բարձր դիրքերու, կը մոռնայ իր անցած ճամբան եւ ետեւ չի նայիր:
Ես կը հաւատամ, որ ընդհակառակն, այդպիսիներուն պարտաւորութիւնն է օգտակար ըլլալ իրենց ազգի զաւակներուն, յատկապէս` երիտասարդներուն, որովհետեւ անոնք են մեր ապագան:
«Ա.».- Ձեր մէջ ի՞նչ փոխուեցաւ իբրեւ հայ, երբ դարձաք Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական դրամատան անդամ:
Ս. Ե.- Ես շատ աւելի ուրախ էի եւ հպարտ, որ հայ եմ:
21 տարի է, 1992-էն ի վեր ամէն տարի քանի մը անգամ Հայաստան կ՛այցելեմ եւ իմ ազգային պարտականութիւններս կը կատարեմ: Ըսեմ, որ Միացալ Նահանգներու մէջ ամերիկացիք հայերու մասին շատ լաւ տպաւորուած են, Արժանթինի մէջ նոյնպէս տեղացիք գիտեն, որ հայերը խելացի, աշխատասէր, հայրենասէր ժողովուրդ են:
«Ա.».- Որո՞ւ կը պարտիք ձեր արձանագրած յաջողութիւնը:
Ս. Ե.- Այս բոլոր յաջողութիւնները կը պարտիմ մօրս ան 82 տարեկան է հիմա, հայրս կանուխ մահացաւ, եւ մայրս իր ջանքերով մեծցուց մեզ: Մենք կ՛ապրէինք մէկ սենեակնոց տան մը մէջ, եւ մայրս միշտ կ՛ըսէր, որ ուսումն է մեր միակ փրկութիւնը եւ այդպէս ալ եղաւ:
Ես իմ յաջողութիւնս կը պարտիմ նաեւ Դարուհի Յակոբեան-Յովակիմեան վարժարանի նախկին տնօրէններէն պրն. Թոփճեանին, որովհետեւ իրեն շնորհիւ ես աւարտեցի երկրորդական ուսումս անվճար: 1976-8 ինքն էր, որ խրատեց զիս` ըսելով, որ Լիբանանի մէջ պիտի չկարենամ ուսումս շարունակել, որովհետեւ պատերազմը սկսած էր եւ առաջարկեց, որ Կիպրոս երթամ եւ հոն շարունակեմ ուսումս: Կիպրոս գացի, աւարտեցի ուսումս, նոյնիսկ նաւով Կիպրոս երթալու փոխադրածախսն ալ տրամադրեց: Ահա այսպիսի մարդոց կարիքը կայ այսօր մեր գաղութներուն մէջ, ես ինչպէս չհպարտանամ իմ հայութեամբս, երբ Թոփճեանին նման մարդոց շնորհիւ է, որ ես ուսումս ստացայ եւ իմ կարգիս ես ալ պէտք է օգնեմ այլ երիտասարդներու, որպէսզի իրենք ալ հասնին իրենց երազներուն:
«Ա.».- Եթէ այս ասպարէզը չընտրէիք, ինչպիսի՞ պաշտօն կ՛ուզէիք ստանձնել:
Ս. Ե.- Որեւէ այլ նման պաշտօն: Հետաքրքրական է` 8 տարեկան էի, մօրս հետ փոխադրակառքով տեղ կ՛երթայինք, ճամբան տեսանք մարդիկ, որոնք պաշտօնական հագուածքներ հագած` աստիճաններ կը բարձրանային, այդ պահուն մօրս ըսի` «Մամ, ես ալ օր մը իրենց պէս պիտի հագնիմ եւ այդ աստիճանները պիտի բարձրանամ»: Մայրս միշտ կը պատմէ այս պատմութիւնը: Կարծէք փոքրուց գիտէի, որ օր մը դրամատան պաշտօնեայ պիտի դառնամ:
«Ա.».- Ո՞վ է ձեր իտէալ անձը:
Ս. Ե.- Շատեր… Հաւատացեալ ընտանիքի մէջ մեծցած եմ` ամէն օր աղօթելով եւ կը հաւատամ պահապան հրեշտակներու գոյութեան, որովհետեւ իմ փորձառութենէս գիտեմ, որ այդ պահապան հրեշտակները օգնեցին, որ ես յաջողիմ:
«Ա.».- Ի՞նչ կ՛ուզէք ըսել լիբանանահայ երիտասարդութեան:
Ս. Ե.- Առաջին հերթին փափաքս է, որ բարձր պահեն հայկական ոգին եւ մնան հայրենասէր, օգնեն իրարու: Ուսումը շատ կարեւոր է, ոչ միայն զարգանալու համար, այլ կեանք կերտելու: Համալսարանի վկայականը պարզապէս դուռ մը կը բանայ առիթներու, անկէ ետք դուն պիտի որոշես, թէ ո՛ւր պիտի հասնիս եւ ինչպէ՛ս՞:
Երբ ինծի առիթը ներկայացաւ, օգտագործեցի անմիջապէս եւ անցայ գործի` հասնելով մինչեւ Կեդրոնական դրամատուն եւ այդտեղ ես միակ հայն եմ, ես միշտ կ՛ըսէի ես ինծի, որ լաւագոյնը պիտի ըլլամ, ամենահմուտը` իմ մասնագիտութեանս մէջ, եւ մայրս վկայ է:
Այլ կարեւոր կէտ մը. ան, որ շուտ կը յուսահատի, կը նշանակէ տկար անձ մըն է եւ արժանի չէ տեղ հասնելու, զօրաւոր նկարագիր, կամք եւ տեսլական պէտք է ունենայ մէկը, որպէսզի յաջողի:
«Ա.».- Հայրենիք բառը ի՞նչ կը նշանակէ ձեզի համար, ո՞ւր է ձեր հայրենիքը:
Ս. Ե.- Ծննդավայրս Լիբանան է, արմատներս հոս են. Հայաստանը իմ հայրենիքս է, բայց երբ հոս գամ, հոգիս կը վերակենդանանայ, իսկ Միացեալ Նահանգներու որդեգիր զաւակն եմ, շատ բան կը պարտիմ Ամերիկայի կառավարութեան, որովհետեւ Սարգիս Եողուրթճեան անունը երբեք արգելք չէ եղած իրենց համար: